Ինչպէս աւելի վաղ գրած էինք, երէկ տեսանիւթ տարածուեցաւ, ուր հայ զինուորը, իյնալով շրջափակման մէջ, ինքզինք պայթեցուցած է, բայց չէ յանձնուած թշնամիին:
Համացանցի մէջ օգտատէրերը փորձած են պարզել, թէ երբ նկարուած է տեսանիւթը եւ ով է հերոս զինծառայողը:
Պարզուած է, որ տեսանիւթը նկարուած է 2020 թուականին, ենթադրաբար Կովսականի շրջանին: Ծրագրաւորողները աշխատած են նկարի վրայ, նկարը մօտեցուցած են, որպէսզի հերոսը աւելի ճանաչելի ըլլայ։