image

Նիկոսիա. Յարգած են Մելգոնեան Վարժարանի նուիրեալ բարերարներու՝ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեաններու անշէջ յիշատակը

     Նիկոսիա. Յարգած են Մելգոնեան Վարժարանի նուիրեալ  բարերարներու՝ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեաններու անշէջ յիշատակը

 Խումբ մը կիպրահայեր այսօր յարգած են Մելգոնեան Վարժարանի հիմնադիր Գրիգոր Աղա եւ Կարապետ Աղա Մելգոնեաններու յիշատակը։

Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Նիկոսիոյ մեր աղբիւրէն։ Կը նշուի, թէ մայրաքաղաքի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին խումբ մը հայրենակիցներ (որոնց մէջ մեծ է թիւը յատկապէս Մելգոնեան Վարժարանէն շրջանաւարտներու) այցելութիւն տուած են Մելգոնեան Վարժարանի շրջափակին մէջ գտնուող հիմնադիր-բարերարներու յուշակոթող- դամբան, ուր տեղի ունեցած է հոգեհանգստեան պաշտօն։

 Աղօթքի արարողութիւնը եղած է գլխաւորութեամբ Թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Կոմիտաս արք. Օհանեանի, Նիկոսիոյ հովիւ՝ Տէր Հօր, շրջանաւարտ Մելգոնեանցիներու, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ-ի մարմնի ներկայացուցիչներու։

 

Հոգեհանգստի աւարտին արտասանուած են յաւուր պատշաճի խօսքեր, ուր վեր առնուած է Մելգոնեան Վարժարանի պատմական դերն ու տեղը, փառաւորելով ու երախտագիտութիւն յայտնելով անշուշտ՝ հիմնադիր եւ նուիրեալ բարերարներուն։