image
Հրատապ լուրեր:

Նիկոսիա. Նորընտիր կոմիտէի այցելութիւնը պետական ներկայացուցիչ՝ Վարգէս Մահտեսեանին

Նիկոսիա. Նորընտիր կոմիտէի այցելութիւնը պետական ներկայացուցիչ՝ Վարգէս Մահտեսեանին

Օրերս Կիպրոսի ՀՅԴ նորընտիր մարմինը՝ Կոմիտէն, այցելութիւն տուած է Կիպրոսի Խորհրդարանին մէջ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչին։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հանդիպման մասին եղած լրատւութիւնը՝ 

ՀՅԴաշնակցութեան Կիպրոսի Կոմիտէութիւնը անցեալ շաբաթ գումարեց իր տարեկան ընդհանուր ժողովը: 

Համայնքի կազմակերպութիւններու եւ Կիպրոսի քաղաքական կուսակցութիւններու հետ կայանալիք հանդիպումներու ծիրէն ներս, նորընտիր Կոմիտէն Չորեքշաբթի 12 Նոյեմբերին հանդիպում մը ունեցաւ Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանին հետ: