Պարբերականը պարզած է, որ ամսագրին կողմէ պարբերաբար կատարուած 3 հարցումները ցոյց տուած են, որ 2023-ի հոկտեմբերէն մինչեւ 2024-ի մարտի վերջը Պայտընի ժողովրդականութիւնը նուազած է 9 կէտով։
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր «Ալ Մայատին»
Ամերիկեան Newsweek-ը օրերս հաստատած է, որ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի ժողովրդականութիւնը մեծապէս նուազած է Կազայի պատերազմի առինթեր վերջինիս որեգրած քաղաքականութեան հետեւանքով։
Ամսագրին կողմէ կատարուած հարցման համաձայն՝ ամերիկացի ընտրողները արտայայտած են իրենց աճող դժգոհութիւնը՝ Կազայի դէմ պատերազմի հանդէպ Պայտընի վերաբերմունքին եւ Իսրայէլին աջակցելուն վերաբերեալ։
Պարբերականը պարզած է, որ ամսագրին կողմէ պարբերաբար կատարուած 3 հարցումները ցոյց տուած են, որ 2023-ի հոկտեմբերէն մինչեւ 2024-ի մարտի վերջը Պայտընի ժողովրդականութիւնը նուազած է 9 կէտով։
Պարզ է, որ Պայտընի վարչակազմը Միացեալ Նահանգներու մէջ կը բախի ժողովրդական զայրոյթի, նաեւ երկրին մէջ ապրող արաբներու, պաղեստինցիներու եւ իսլամներու կողմէ։ Եւ ժողովրդական զայրոյթի պատճառը ԱՄՆ նախագահի կողմէ պատերազմին մէջ Իսրայէլին աջակցիլն է, այն ալ Կազայի հատուածին մէջ շարունակուող մարդասիրական աղէտի լոյսին տակ:
Այս բոլորը տեղի կ՚ունենայ այն ժամանակ, երբ Պայտըն կը պատրաստուի մասնակցելու յաջորդ նախագահական ընտրութիւններուն, որ պիտի կայացուին յառաջիկայ նոյեմբեր 5-ին։
Ի դէպ Ապրիլ 4ին, ամերիկեան Axios կայքը գրած է, ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի միանշանակ ըրած յայտարարութենէն ետք, որ ինք «Կազայի դէմ պատերազմի վերաբերեալ իր քաղաքականութիւնը պիտի փոխէ, եթէ Իսրայէլը չփոխէ իր վարքագիծը», պիտի դառնայ յենարան մը, որ ան յայտնուի լրջագոյն ճնշումներու կիզակէտին։
ԱՄՆ նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի նախկին օգնականներ Ճոն Ֆաւրիօն եւ Պեն Ռոտսը խստօրէն քննադատած են Պայտընը՝ ընդգծելով, որ Պայտընի քաղաքականութիւնը «կը թողու, որ ան անզօր երեւի»։
Թերթը կը նշէ նաեւ, որ ըստ ամերիկեան լրատուամիջոցներու, օրեր առաջ շարք մը արաբ եւ իսլամ հրաւիրեալներ հրաժարած են Սպիտակ տան մէջ իֆթարի երեկոյթէն, որուն հրաւէրը կը կրէ Պայտընի ստորագրութիւնը։