image

«Նեմեսիս» արձանի հարցը քննարկուած է Սիմոնեան-Շենթոփ հանդիպումին

«Նեմեսիս» արձանի հարցը քննարկուած է Սիմոնեան-Շենթոփ հանդիպումին

«Նեմեսիս» յուշարձանի հարցը դարձած է քննարկումներու առարկայ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփի միջեւ։ Այս մասին Ազգային ժողովին մէջ, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ, 10 մայիսին ըսած է կառավարող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Բաբգէն Թունեան, որ մասնակցած է Անգարայի մէջ Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան (ՍԾՏՀ)  Խորհրդարանական վեհաժողովի գագաթնաժողովին։

Թրքական կողմի համար, մասնաւորապէս, հասկնալի չէ, թէ ինչպէս երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման ջանքերու ֆոնին Հայաստանի մէջ կը  բացուի նման յուշարձան։ «Սիմոնեանը պատասխանել է, որ եթէ կայ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ցանկութիւն, նման իրադարձութիւնները չեն կարող խոչընդոտ հանդիսանալ»,- ըսած է Թունեան։

Իսկ ինչ կը վերաբերի յուշարձանի ապագայ ճակատագրին, պատգամաւորը նշած է, որ իրենք չեն կրնար պատասխանել այդ հարցին։

Հարցին, թէ արդեօք հայկական պատուիրակութեան ուղիղ ըսուած է, որ եթէ յուշարձանը չհանուի, ապա պիտի յաջորդեն որոշակի հետեւանքներ, պատգամաւորը պատասխանած է, որ նման յայտարարութիւններ չեն եղած։ «Հայկական պատուիրակութեանը նման ոչինչ չի ասուել։ Հարցը քննարկուել է խորհրդարանների նախագահների երկկողմ հանդիպման ժամանակ։ Այդ թեմայով ուրիշ խօսակցութիւններ կամ ուղիղ պահանջներ չեն հնչել»,- տեղեկացուցած է խորհրդարանականը։