image

Նախաձեռնութեամբ Քեսապի հոգեւոր հովիւ ՝Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի «Աղօթք վասն խաղաղութեան»

Նախաձեռնութեամբ Քեսապի հոգեւոր հովիւ ՝Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի «Աղօթք վասն խաղաղութեան»

Աշխարհի մէջ ամբողջական խաղաղութիւն տեսնելու յոյսով օրերս հայաբնակ Քեսապի մէջ տեղի ունեցած է «Վասն խաղաղութեան» ընդհանուր  խորագիրը կրող աղօթասացութեան  արարողութիւն մը։

Նախաձեռնութիւնը կը պատկանի  Քեսապի Կաթողիկէ  հայոց հոգեւոր հովիւ՝Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ առթիւ հրապարակուած լուրը։

«Երանի խաղաղարարներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին» (Մատթէոս 5:9)։

Շաբաթ, 11 Հոկտեմբեր, 2025 թուականին., ընդառաջելով Ն. Ս. Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետի կոչին, Քեսապի Սուրբ Միքայէլ Հայ Կաթողիկէ հաւատարիմ համայնքը, միացաւ Հռոմի Պապի հրաւէրին՝ աղօթելով Սուրբ Վարդարանի Աղօթքը "Համայն Աշխարհի Խաղաղութեան Համար" եւ մասնաւորապէս Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախ աշխարհի։

Սուրբ վարդարանի աղօթքը սկիզբ առաւ, մեր անմեղ մանուկներու շրթունքներէն, ու ամէն տասնեակէ յետոյ, երգչախումբը կ՚ երգէր հոգեւոր տաղ մը նուիրուած Աստուածամօր։

Լիթանիան երգած ժամանակ, իւրաքանչիւր հաւատացեալ մոմ մը վառեց Աստուածամօր առձանին առջեւ հայցելով խաղաղութիւն համայն աշխարհի մէջ եւ հայ ընտանիքի համար։

Լիթանիայէն յետոյ, Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանը՝ աւուր պատշաճի քարոզը փոխանցեց հոծ բազմութեանը։ Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս ըսաւ. «Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ ի Քրիոստոս,

Այսօր կ՚ուզեմ ձեզի հետ միասին խորհրդածել խաղաղութեան մասին, այն խաղաղութեանը, զոր մեզի կը պարգեւէ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը։ Աշխարհը շատ կը խօսի խաղաղութեան մասին, բայց այդ խաղաղութիւնը յաճախ ժամանակաւոր է, խորտակելի է, կախեալ է պայմաններէ։ Սակայն սուրբ Աւետարանը մեզի կը ծանօթացնէ ուրիշ տեսակ խաղաղութեան՝ աստուածային խաղաղութեան։

Խաղաղութիւնը՝ բառ մըն է, զոր ամէնքս կը փափաքինք։ Մարդկութիւնը միշտ երազած է խաղաղութիւնը, կը փնտռէ զինադուլներու մէջ, քաղաքական համաձայնութիւններու մէջ, տնտեսական բարօրութեան մէջ։ Բայց երբ կը նայինք մեր շուրջը, կը տեսնենք որ աշխարհը տակաւին խռովի մէջ է, պատերազմի մէջ է։

Մարդիկ կը հաշտուին մէկ կողմէ, բայց կը պատերազմին միւս կողմէ։ Ընտանիքներու մէջ կը պակսի համերաշխութիւնը, ընկերութիւններու մէջ կը տիրեն կասկածները, եւ անհատական հոգիներու մէջ՝ խռովութիւն եւ վախ։

Խաղաղութիւն բառը բոլորիս ծանօթ է։ Մարդիկ կ՚երազեն խաղաղ աշխարհ, խաղաղ ընտանիք, խաղաղ հոգի։ Բայց եթէ անկեղծ ըլլանք, կը տեսնենք, որ խաղաղութիւնը շատ յաճախ փախչող ստուեր մըն է։

Պատերազմները կը շարունակուին, անհանգիստ լուրերը կը շրջապատեն մեզ, իսկ մարդոց սրտերուն մէջ շատ անգամ աւելի մեծ պատերազմ կայ, քան դուրսի պատերազմները։

Ահա այստեղ է որ մենք պէտք է մեր հայեացքը սեւեռենք դէպի Քրիոստոսի անձին։ Որովհետեւ խաղաղութիւնը, զոր Աստուած կու տայ, տարբեր է։ Ան ոչ միայն արտաքին հանգստութիւն կու տայ մեզի, այլ խորունկ ներքին ներդաշնակութիւն, հոգեկան խաղաղութիւն, որովհետեւ Յիսուս մեզի կը պարգեւէ այնպիսի խաղաղութիւն մը, զոր աշխարհը չի կրնար տալ եւ ոչ ալ խլել։

 

Ս․ Վարդարանի Աղօթք՝ «Աշխարհի Խաղաղութեան Համար» Քեսապի մէջ

«Փառք Աստուծոյ՝ բարձունքներուն մէջ, եւ խաղաղութիւն երկրի վրայ եւ հաճութիւն մարդոց միջեւ» (Ղուկաս 2:14)։

Երկինքէն հրեշտակները Յիսուսի Ծննդեան գիշերը այս բարի աւետիսը հռչակեցին, թէ Աստուծոյ Որդին աշխարհ կու գայ, եւ իր հետ խաղաղութիւնը կը բերէ համայն մարդկութեան համար։

Երբ ընտանիքի մը մէջ նորածին մը կը ծնի, ամբողջ մթնոլորտը կը փոխուի, մանուկին ներկայութիւնը հաշտեցնող ուժ կը դառնայ։ Նոյնպէս, Քրիստոսի գալուստը աշխարհին խաղաղութիւն բերաւ։

Պօղոս առաքեալը կը հաստատէ այս ճշմարտութիւնը հետեւեալ բառերով․ «Այն ատեն, Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն գիտութիւնէ վեր է, պիտի հովանաւորէ ձեր սիրտերն ու ձեր մտքերը Քրիստոս Յիսուսի մէջ» (Փիլիպեցիներուն 4:7)։

Խաղաղութիւնը պարգեւ մըն է, զոր մենք կը ստանանք միայն Քրիստոսի ներկայութենէն։ Ան մեզ կը փոխէ ներսէն, եւ մեզ կը դարձնէ խաղաղարարներ այս աշխարհին մէջ։

Յիսուս վերջին ընթրիքին ժամանակ իր աշակերտներուն հետեւեալ մխիթարական խոստումներով խրախուսեց․ «Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի. Ո՛չ որպէս աշխարհս կու տայ՝ կու տամ ես ձեզի։ թող չխռովին ձեր սրտերը եւ չվախնան» (Յովհաննէս 14:27)։

Այս խօսքերը եկան խաչելութեան նախօրեակին։ Յիսուս գիտէր, որ աշակերտները պիտի անցնէին ահաւոր փորձութիւններու մէջ, բայց անոնց փոխանցեց իր խաղաղութիւնը՝ դիմակայելու խորտակիր փոթորիկներուն դիմաց։ Սիրելինե՛րս,

Այս ճգնաժամ օրերուն, ուր աշխարհի մեծ քաղաքական ղեկավարները, բազում անգամ կը խօսին խաղաղութեան մասին, բայց՝ իրենք երբեք չեն ճանչնար Թագաւորը Խաղաղութեան Յիսուս Քրիոտոսին։

Առանց Քրիստոսի խաղաղութեանը՝ խաղաղութիւնը կը դառնայ դատարկ եւ սոսկ բառ։

Երբ մեր սրտերուն մէջ կը թագաւորէ Յիսուս Քրիստոսը, խաղաղութիւնը պիտի ուղղէ մեզ, նոյնիսկ երբ կեանքի փոթորիկները մեզ ալեկոծեն։

Իսկ երբ մենք իրարու հանդէպ ապրինք սիրով, համերաշխութեամբ եւ ներողամտութեամբ, այն ժամանակ մեր քաղաքացիական հասարակութիւնը, մեր տուները ու մեր եկեղեցիները պիտի դառնան իսկական խաղաղութեան փարոսներ՝ սփռելու համար Քրիստոսի խաղաղութիւնը ու սէրը ամենուրէք։

Թող Քրիստոսի խաղաղութիւնը եւ անդորրութիւնը միշտ ձեզի հետ մնան մինչեւ աշխարհի կատարածը»։

Ամեն։