image
Հրատապ լուրեր:

Մուսա Լերան հարազատ զաւակ՝ Պօղոս Զէյթլեանի մահը

  Մուսա Լերան հարազատ զաւակ՝ Պօղոս Զէյթլեանի մահը

Օրերս Այնճար հայկական աւանին մէջ իր մահկանացուն կնքած է  իր շրջանակին մէջ սիրուած եւ յարգուած հայորդի՝ Պօղոս Զէյթլեանը։

 

 Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

 Այս առթիւ կը հրապարակենք հանգուցեալի կենսագրական ամփոփ տուեալները, նշելով, որ Զէյթլեան միշտ ալ նուիրուած մնաց իր սիրելի գիւղին՝ Այնճարին, որուն համար ալ գործեց ու տքնեցաւ երկար տարիներու ընթացքին։

 Զէյթլեան ծնած է Մուսա Լեռ 1938ին, տեղափոխուած է Այնճար 1939ին, շատ փոքր տարիքէն աշխատանքի լծուած է իր ընտանիքին զօրավիգ կանգնելու համար, ապա անձնական ճիգերով «Օքազիոն» վաճառատունը շինած եւ տարիներ աշխատած է իբրեւ վաճառական, որու կողքին նպաստած է նաեւ իր ծնողական փուռին: 

1968ին իրեն կեանքի ընկեր ընտրած է Վարդուհի Քիւրտեանը, որու հետ ամուսնանալով բախտաւորուած է երեք զաւակներով՝ Յովիկ, Յարութ եւ Մարինէ եւ 9 թոռներով: Ան նախանձախնդրօրէն օրական դրութեամբ կը հետաքրքրուէր իր թոռներով եւ ըստ կարելւոյն ժամանակ կ’անցընէր անոնց հետ:

1975ի Լիբանանեան քաղաքական պատերազմին պատճառով, ստիպուած փոխեց իր գործին տեսակը, փոքրիկ սրճարան մը բանալով, յոյսով որ շուտով պատերազմը կ’աւարտի, սակայն միաժամանակ աշխատանքը զարգացուց, զայն վերածելով ճաշարանի, ապա իր յորջորջած «Արեւ» ճաշարանի աշխատանքները յանձնեց իր զաւակներուն:

Ան նկարագրով պայքարող մարդ եղած է, նորութիւններու հետամուտ էր, քաջասիրտ էր, «քարէն հաց հանող», եւ մինչեւ վերջին օրը յառաջիկայ ծրագիրներ մշակող էր տարածաւորելու համար աշխատանքները: Ան կ’ըսէր. «Այն օրը որ պիտի չկարենամ աշխատիլ, թող Աստուած իր աւանդը առնէ»: 

Հարկ է յիշել, թէ հանգուցեալի մեծ յաջողութիւնները մեծապէս կը պարտին իր կնոջ՝ Տիկին Վարդուհիին եւ զոքանջին՝ Տիկին Պայծառ Քիւրտեանի աննկուն կամքին, հաւատարիմ նուիրուածութեան եւ բծախնդիր աշխատանքներուն:

Հակառակ իր կեանքի մեծ յաջողութիւններուն չհպարտացաւ, մնաց պարզ ու խոնարհ, եւ նոյն նկարագիրը փոխանցեց նաեւ իր զաւակներուն:

Ան եղած է զուարճախոհ, շրջապատին ուրախ պահող, մեծապէս ներդրում ունեցող հասարակական լիբանանահայ կեանքէն ներս ընդհանրապէս եւ յատկապէս սրտով կապուած էր Այնճար հայաւանին եւ անոր վերելքին, բարերար կանգնելով թէ՛ հաստատութիւններուն եւ թէ կարիքաւոր ընտանիքներուն զանազան կարիքները հոգալով:

Ան յետ կարճատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքեց՝ 13-11-2021ին: