Մոսկուայի Փրեսնենսքի դատարանը (Արմատներով սուրիահայ եւ երկար ժամանակէ ի վեր Մոսկուա հաստատուած) երգիչ՝ Աբրահամ Ռուսոյի առեւանգելու գործով հեռակայ կարգով վճիռ կայացուցած է Զաուր Մարտանովի վերաբերեալ, յայտնած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն՝ վկայակոչելով երգիչին փաստաբան՝ Անտրէյ Ալեշքինի խօսքերը։
«Դատարանը եօթ տարուայ ազատազրկում նշանակած է խիստ ռեժիմի բանտէն ներս։ Բաւարարուած է նաեւ 650 հազար ռուբլիի պահանջով քաղաքացիական հայցը»,- ըսած է փաստաբանը։
Ալեշքին աւելցուցած է, որ քրէական պատասխանատութեան ենթարկելու վաղեմութեան ժամկէտը լրանալու առնչութեամբ դատարանը որոշած է արտասահման թաքնուող Մարտանովին ազատել պատիժէն։
Այժմ Մարտակով թաքնուած է արտասահման։ Դատական վիճաբանութիւններու փուլին դատախազը խնդրած է անոր նկատմամբ 11 տարուայ ազատազրկման ձեւով պատիժ նշանակել։