Հայաստանի վարչապետի մամուլի խօսնակ Նազելի Բաղդասարեանը հերքած է մամուլի մէջ շրջանառուող լուրերը, թէ մայիս 9-ին Մոսկուայի մէջ եռակողմ հանդիպում նախատեսուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ։
«Մայիսի 9-ին Փաշինեան-Պուտին-Ալիեւ եռակողմ ձեւաչափով հանդիպում չկայ նախատեսուած»,- «Լուրեր»ու հետ զրոյցին ըսած է Նազելի Բաղդասարեանը՝ անդրադառնալով լրատուամիջոցներու մէջ աւելի վաղ տարածուած տեղեկութեան, թէ մայիս 9-ին Մոսկուայի Կարմիր հրապարակին մէջ կայանալիք ամենամեայ շքերթէն առաջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը մարտ 14-ին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ կայացած հեռախօսազրոյցի ընթացքին հաստատած է, որ կ՚ընդունի Ռուսիոյ նախագահի հրաւէրը եւ պիտի մասնակցի մայիս 9-ին Մոսկուայի մէջ կայանալիք տօնակատարութիւններուն։