image

Մոսկուայի մէջ դատարանը կալանաւորած է Crocus City Hall-ի գործով 8-րդ մեղադրեալը

Մոսկուայի մէջ դատարանը կալանաւորած է Crocus City Hall-ի գործով 8-րդ մեղադրեալը

Մոսկուայի Պասմանեան դատարանը կալանաւորած է Crocus City Hall համալիրի մէջ կատարուած ահաբեկչութեան գործով ութերորդ մեղադրեալը:

Ան ծնունդով ղրղզստանցի Ալիշեր Քասիմովն է, որ բնակարան վարձակալած է ահաբեկչութեան հեղինակներու համար, յայտնած է ԹԱՍՍ-ի թղթակիցը։

Դատարանը Քասիմովի նկատմամբ խափանման միջոց ընտրած է մինչեւ մայիս 22-ը։ Պաշտպանական կողմը խնդրած է անոր նկատմամբ տնային կալանք սահմանել։ 

Քասիմովը ծնած է Օշ քաղաքի մէջ, ան Ռուսիոյ Դաշնութեան քաղաքացի է, ունի երեք երեխայ։ Ան Քրասնոկորսքի մէջ սրճարանի սեփականատէր է։

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ անվտանգութեան դաշնային ծառայութիւնը յայտարարած է, որ մարդոց վրայ կրակած ահաբեկիչները ձերբակալուած են Ռուսիոյ Դաշնութեան Պրեանսքի շրջանին մէջ՝ Ուքրանիոյ հետ սահմանի մօտ, եւ որ անոնք կ՚ուղեւորուէին Ուքրանիա, քանի որ «այնտեղ կապեր ունին»։