Ռուսական կողմը յոյս ունի, որ այսօր Սոչիի մէջ Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջնորդներու հանդիպման ժամանակ կարելի կ'ըլլայ ուրուագծել Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղիները։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործերու փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօն։
«Ինչպէս բոլորը, մենք եւս կ'ակնկալենք, որ այդ երկու երկիրներուն մէջ, Ռուսաստանի մէջ, Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ շուտով կը հաստատուի երկար սպասուած խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը», նշած է ան։
«Հանդիպումը ընդհանուր առմամբ նպատակ ունի ամփոփելու անցեալ տարուայ որոշակի արդիւնքները՝ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ին հրադադարի մասին եռակողմ համաձայնագրի ստորագրումէն յետոյ, տեսնելու, թէ ինչ կատարուած է եւ ինչ կարելի է ընել հետագային խաղաղ գործընթացը յառաջ մղելու համար, ինչպէս նաեւ այռաջ մղելու երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։ Յոյսով ենք, որ այս հանդիպման ընթացքին երեք երկիրներու ղեկավարները, որոնք ստորագրած են համաձայնագիրը, կ'ուրուագծեն այդ հեռանկարային ուղղութիւնները», ըսած է Ռուտենքօն:
Բարձրաստիճան դիւանագէտը յաւելած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ կարգաւորման գործընթացին մէջ կը մնան հարցեր, որոնք բոլորին յայտնի են։ «Անոնք կը վերաբերին ճանապարհային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման, ուր, ցաւօք, ժամանակ առ ժամանակ կը նկատենք որոշակի զինուած միջադէպեր եւ նոյնիսկ մարդիկ կը զոհուին», նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործերու փոխնախարարը։