Մոսկուան պատրաստ է հարթակ տրամադրելու հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններու համար, յայտարարած է Ռուսիոյ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։
Անոր խօսքով՝ եռակողմ փաստաթուղթերով Ռուսիան պարտաւորուած է ամէն կերպ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հասնելուն․ «Ի հարկէ, նման աջակցութեան ծաւալներն ու ձեւերը պէտք է ընդունելի ըլլան բոլոր կողմերու համար»,- աւելցուցած է ան։
Զախարովայի կարծիքով՝ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնը պէտք է հաստատուի տարածաշրջանի երկիրներու ջանքերով․ «Մեր երկու դաշնակիցներու միջեւ հաւասարակշռուած համաձայնագրի կնքումը կը դիտարկենք որպէս խաղաղութեան ճարտարապետութեան հիմք։ Եւ այն պէտք է կառուցեն տարածաշրջանի երկիրները, այլ ոչ թէ դուրսէն»։
Անդրադառնալով Եւրոմիութեան խաղաղութեան հիմնադրամի միջոցով Հայաստանին 10 մլն եւրօ ռազմական օգնութիւն յատկացնելու հարցին, Ռուսիոյ ԱԳՆ ներկայացուցիչը նշած է․ «Բազմիցս նշած ենք, որ ԵՄ-ն կորսնցուցած է խաղաղութեան նպաստելու ներուժը։ Ամէն ինչ կը կատարուի յետխորհրդային տարածքը ռազմական դիմակայութեան գօտիի վերածելու համար։ ՀՀ ԶՈւ-ին 10 մլն եւրօ ուղարկելու ԵՄ ծրագրերու ետին աշխարհաքաղաքական հաշուարկներն են՝ տարածել իր ապակառուցողական ազդեցութիւնը նաեւ Անդրկովկասի մէջ։ Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամը այդ խաղաղութեան մասին չէ, այլ՝ պատերազմի մասին է»։