Օրերս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի Թեմի Սուրբ Յակոբ եկեղեցին բոլորած է իր հիմնադրման 65-ամեակը։
Այս առթիւ ալ տեղի ունեցած է հոգեշունչ համերգ, հովանաւորութեամբ թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեանի։
«Արեւելք» ստորեւ կը ներկայացնէ այդ առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝
Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ 65-ամեակին առթիւ հոգեշունչ ելոյթով հանդէս եկաւ Trio de l'Île նուագախումբը
Օրհնութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեանի, համահովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Ճորճ եւ Սիմէ Արմոյեանի եւ տիար Յակոբ Իսբէնճեանի, կազմակերպութեամբ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Գառնիկ Աւ. Քհն. Գոյունեանի, Կիրակի, 17 Մարտ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Collège Regina Assumpta-ի Marguerite-Bourgeoys շքեղ սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ նուագահանդէս՝ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ 65-ամեակին առթիւ, կատարողութեամբ Trio de l'Île նուագախումբին, որուն դաշնակահարն է Փաթիլ Հարպոյեան Մկրտիչեան, ջութակահարը՝ Ուլիանա Տրուկօվա, թաւջութակահարը՝ Տոմինիք Պօսէժուր-Օսթիկի:
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամ եւ եկեղեցւոյս 65-ամեակի յանձնախումբի ներկայացուցիչ տիկին Նուշիկ Էլոյեան, որմէ ետք նուագախումբը հանդէս եկաւ Կոմիտասէն երկու նուագով՝ «Երկինքն ամպել ա» եւ «Այ, այլուղս», որոնք երազային ու քաղցր թրթռացումներով ողողեցին սրահը, եւ որոնց մշակումը կատարած էր Սերգէյ Ասլամազեան, իսկ պատշաճեցումը՝ Փաթիլ Հարպոյեան: Անկէ ետք հնչեց Առնօ Բաբաջանեանէն՝ դաշնակի, ջութակի եւ թաւջութակի Եռանուագը՝ թռչկոտուն, զուարթ եւ խորազգաց ալիքաւորումներով:
Յայտագրին երկրորդ մասը կը կազմէր բոլորովին նոր ստեղծագործութիւն մը՝ Տէր Գառնիկ Աւ․ Քհն․ Գոյունեանի ընտրութեամբ Հայ եկեղեցւոյ շարականներէն «Մեծացուսցէ»ներու փունջ մը, որուն ստեղծագործական մշակումը կատարած էր երաժշտահան Վահրամ Սարգսեան: Ան ինը «Մեծացուսցէ»ներ իրարու զօդելով՝ կարծէք պատում մը զարգացուցած էր․ պատում՝ որ Յիսուսի հետ սկիզբէն մինչեւ անոր խաչելութիւնը Աստուածածնի փորձառութիւնները կը ներկայացնէր։
Նշենք, որ «Մեծացուսցէ»ներուն հեղինակութիւնը կը վերագրուի 5-րդ դարու դէմքերէն Մովսէս Քերթողի։ Անոնք նուիրուած են Աստուածածնի եւ կը մեծարեն զայն: