Գանատայի մեր պաշտօնակից «Ապագայ»էն վերահասու կը դառնանք, որ օրերս Մոնթրէալի մէջ մահացած է արմատներով լիբանանահայ երաժիշտ Համբարձում Ճապուրեանը։
Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք, այդ առթիւ հրապարակուած կարճ մահագրութիւնը՝
Շաբաթ՝ 12 Մարտ 2022-ին, Գանատայի Մոնթրէալ քաղաքի մէջ իր աչքերը յաւերժ փակեց լիբանանահայ եւ գանատահայ շրջանակներուն կողմէ մեծ յարգանք եւ սէր վայելող, արուեստագէտ հանրածանօթ տուտուկահար՝ Համբարձում Ճապուրեանը։
Իր բարեհամբույր բնաւորութեամբ սիրուած եւ յարգուած է բոլոր զինք ճանչցողներուն կողմէ:
Հանգուցեալը Լիբանանի պետական երաժշտանոցին մէջ, քլարինեթի մասնագիտանալէ ետք, քաղաքացիական պատերազմի շրջանին հաստատուած է Գանատա, ուր շարունակած է իր երաժշտական կրթութիւնը: Հանգուցեալ՝ Համբարձում Ճապուրեան բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ եւ արժանացած է հայ թէ օտար արուեստագէտներու գնահատանքին: Յիշենք նաեւ որ ան յաճախ մաս կազմած է գաղութային ձեռնարկներուն եւ իր արուեստը բարձր գնահատուած է ներկաներուն կողմէ:
Այս տխուր առիթով, ցաւակցութիւն կը յայտնենք հանգուցեալի ընտանեկան բոլոր պարագաներուն, ինչպէս նաեւ համայն հարազատներուն ու բարեկամներուն։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի: