image
Հրատապ լուրեր:

Մօտ օրերս կը լսէք իմ արձագանգները. Սերժ Սարգսեան հարցազրոյց տուած է

Մօտ օրերս կը լսէք իմ արձագանգները. Սերժ Սարգսեան  հարցազրոյց տուած է

Պետութիւնները զինուած ուժեր կը ստեղծեն, որպէսզի կարողանան ապահովել պետութիւններու տարածքային ամբողջականութիւնը, սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը եւ քաղաքացիներու անվտանգութիւնը. այս առումով այս պարզ ճշմարտութեան լաւագոյն դրսեւորումներէն մէկը Սարդարապատի ճակատամարտն էր։ Այս մասին 28 Յունուարին՝ հայկական բանակի կազմաւորման 30 ամեակին Սարդարապատ այցելած ատեն ըսած է ՀՀ երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեան։

«Ես իմ խորհրդանշական այցելութեամբ ուզում եմ դրա մասին յիշեցնել մեր ժողովրդին, Զինուած ուժերին, սպաներին ու զինուորներին»,- նշած է երրորդ նախագահ։

Հարցին, թէ ինչպէ՞ս  կ'արձագանքէ ինքը ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ արցախեան բանակցային գործընթացի վերաբերեալ յայտարարութիւններուն, Սերժ Սարգսեան ըսաւ.

«Մօտ օրերս կը լսէք իմ արձագանքները. տեւական, հանգամանօրէն կ'արձագանքեմ»։