Անկերպ ճամբուս կեանքին յանկարծ`
Ան` կերպ կու տայ, կողքիս կառչած,
Որբ է հողըս... հունտն ի՞նչ նպաստ,
Որբանո՜ց եմ... մայրէ զուրկ աստ:
Անվերջ օրերն երբ վերջ գտնեն`
Ան` վերջ չունի, ողջ կը մնայ,
Մօր սէ՜րն է ան, մօրըս սրտէն,
Մոռցեր է զայն կեանքըս, վստահ:
Անտէր վիշտիս, լացող յոյզիս,
Ան` տէր է միշտ, ցաւիս պատրաստ,
Ան` խնայէ պիտի ե՛ւ զիս,
Անխնայ ե՛ւ խիղճիս, հաստատ:
Անկարող է փախչիլ անկէ,
Ան`կարող է սիրե՜լ միայն,
Նոյնիսկ երբ ինքզինքը զրկէ`
Նոյնն իսկ` ինքը` սէր է համայն:
Անկերպ ճամբուս կեանքին յանկարծ`
Ան` կերպ կու տայ, կողքիս կառչած,
Որբ է հողըս... հունտն ի՞նչ նպաստ,
Որբանո՜ց եմ... մայրէ զուրկ աստ:
Ինծի` յամառ մէկ մտորում`
Ինծի համար յանգ է վերջին,
Մօրըս սրտէն ամէն խոստում`
Մօտըս` յամայր ցանկ է գիրքի...
Ան` տարբեր է խորթ սէրերէն,
Անտարբեր է վատը սակայն,
Մայրըս ուժ է, Տիրոջ սրտէն,
Մայրըս բոյժ է նուիրական:
Անսէր պահուս, անլոյս կեանքիս,
Ան` սէրըս է, յոյսըս անյաղթ,
Մայրըս իմաստըն է լոյսիս,
Մայրըս, մայրըս, սէ՜րըս իմ յաղթ:
ԿԱՅԼԱԿ