image
Հրատապ լուրեր:

Միրզոյեան-Տոնֆրիտ հեռախօսազրոյց. Թեման անվտանգութիւնն է

Միրզոյեան-Տոնֆրիտ հեռախօսազրոյց. Թեման անվտանգութիւնն է

17 Յուլիսին ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ ԱՄՆ պետական քարտուղարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտի հեռախօսազրոյցը: Այս մասին յայտնած են ՀՀ ԱԳՆ-էն։

Արարատ Միրզոյեան եւ Քերըն Տոնֆրիտ քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան կայունութեան վերաբերող շարք մը հարցեր։

Նախարար Միրզոյեան զրուցակցին ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները։ Անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանային փոխադրային ենթակառուցուածքներու եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման գործընթացին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովներու աշխատանքներուն։

Միտքեր փոխանակուած են 16 յուլիսին վրացական կողմի հիւրընկալութեամբ Թիֆլիսի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման վերաբերեալ։ Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է, որ հայկական կողմը կը շարունակէ կարեւորել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան եւ համանախագահող երկիրներու դերը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին։