Հայաստան պատրաստ է բանալ հաղորդակցութիւնները՝ հիմնուելով ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան, հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքներու վրայ։ Այս մասին յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Միացեալ Թագաւորութեան Եւրոպայի հարցերով պետական նախարար Լէօ Տոքերթիի հետ հանդիպումէն յետոյ կայացած ճեպազրոյցին։
Պատասխանելով Մոսկուայի մէջ հանդիպման արդիւնքներուն մասին հարցին՝ նախարարը կրկին ընդգծեց Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ եւ արժանապատիւ խաղաղութիւն հաստատելու պատրաստակամութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծեց հայկական կողմի կառուցողական վերաբերմունքը։ Միեւնոյն ժամանակ Միրզոյեան յստակացուց, որ Հայաստանը չի կրնար միակողմանիօրէն կառուցողական դարձնել ողջ գործընթացը, հակառակ կողմէն կառուցողական մօտեցում պէտք է ։
Արտաքին գործոց նախարարը արձանագրեց, որ աշխոյժ հանդիպումներու փուլ եղած է Ուաշինկթըն, Պրիւքսէլ, Մոսկուա։ Անոր խոսքով, ամերիկեան մայրաքաղաքին մէջ որոշակի առաջընթաց արձանագրուած է, յաջողած են համաձայնութեան գալ պայմանագրի եւս երկու յօդուածի շուրջ։ «Եւս մի քանիսի շուրջ, յուսով եմ, եւ սա միայն իմ գնահատականը չէ, կայ համաձայնութեան գալու հնարաւորութիւն։ Բայց կան յօդուածներ, որոնց շուրջ կողմերի դիրքորոշումները շատ տարբեր են, դրանք վերաբերում են ամենաբարդ հարցերին»,- յայտարարեց նախարարը։
Արտաքին գործոց նախարարը նշեց Հայաստանի համար սահմանազատման խնդրի կարեւորութիւնը։ «Շատերի գնահատմամբ՝ կողմերի դիրքորոշումները առաւել մօտ են հաղորդակցութեան հարցերում։ Մեր դիրքորոշումն անփոփոխ է: Մենք պատրաստ ենք եւ շահագրգռուած ենք հաղորդակցութիւնների բացման հարցում՝ ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան, հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքով»,- ընդգծեց նախարարը՝ յիշեցնելով, որ հաղորդակցութիւններու բացումը կարեւոր է ոչ միայն տարածաշրջանի, այլ նաեւ համաշխարհային լոճիսթիքայի տեսանկիւնէն։