Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Մայիս 10-ին ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ռուսաստանցի համանախագահ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման աջակցելու հարցերով Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւը։
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ հանդիպման քննարկուած են տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեանն ու կայունութեան առնչուող հարցեր:
Նախարար Միրզոյեան անդրադարձ կատարած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման շրջածիրէն ներս սկզբունքային խնդիրներու վերաբերեալ հայկական կողմի դիրքորոշումներուն։
Ատրպէյճանի կողմէ 2020թ․ նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան խախտմամբ Լաչինի միջանցքի շարունակուող արգելափակման եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող մարդասիրական ճգնաժամի առնչութեամբ վերահաստատուած է Հարաւային Կովկասի կայունութեամբ շահագրգիռ գործընկերներու կողմէ գործուն քայլերու իրականացման անհրաժեշտութիւնը։