Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի ներկայացուցիչները երկրորդ օրը՝ 26 յուլիսին մշտադիտարկման այցեր իրականացուցած են Տաւուշի մարզի Ներքին Կարմիրաղբիւր, Նորաշէն, Մովսէս, Այգեպար, Չինարի, Այգեձոր, Արծուաբերդ եւ Չորաթան գիւղեր:
ՄԻՊ-էն յայտնած են, որ մշտադիտարկման այցերու ընթացքին ուսումնասիրուած են վարչական շրջաններու մէջ բնակիչներուն բժշկական օգնութեան տրամադրման եւ բժշկական սպասարկման հնարաւորութիւններն ու խնդիրները, երեխաներու կրթութեան իրաւունքի իրացման կարիքները եւ պայմանները եւ բնակիչներու սոցիալ-տնտեսական իրաւունքներու հետ կապուած շարք մը հարցեր։
Այս նպատակով առանձնազրոյցներ իրականացուած են բնակիչներու հետ։
Այցերու ընթացքին արձանագրուած են խնդիրներ կապուած հաշմանդամութեան կարգավիճակի տրամադրման գործընթացի, առողջութեան պահպանման իրաւունքի, ուսումնական հաստատութիւններու մէջ մասնագէտներու վերապատրաստումներու ոչ բաւարար ըլլալու, յատուկ պարագաներուն համայնքային ծառայութիւններու սղութեան կամ բացակայութեան հետ։
Համակարգային խնդիրներ արձանագրուած են կապուած խմելու եւ ոռոգման ջուրի մատակարարման, զբաղուածութեան, բնակչութեան անվտանգութեան ապահովման հետ։
Արձանագրուած խնդիրները քննարկուած են նաեւ համայնքապետարաններու, ուսումնական հաստատութիւններու եւ վարչական շրջաններու մէջ բուժօգնութիւն եւ բուժսպասարակում իրականացնող անձնակազմերու ներկայացուցիչներու հետ։