image

Մինչեւ ե՞րբ. Թրիփոլիի մէջ եղած ոճիրը մեծ աղմուկ կը բարձրաձնէ.(Տեսանիւթ)

Մինչեւ ե՞րբ. Թրիփոլիի մէջ եղած ոճիրը մեծ աղմուկ կը բարձրաձնէ.(Տեսանիւթ)

Արդարացի է լիբանանցի քաղաքացիներուն բողոքելու առիթը, մանաւանդ անոնց կողմէ, որոնք հեռու են ապօրինի զէնք կրելու կամ այդ զէնքերով «հաշիւ մաքրելու» մօտեցումներէն։

 Ներքոդրեալ տեսանիւթը շատ բան «կը պատմէ» եղածին ահաւորութեան եւ բոլոր առումներով տմարդութեան մասին։

 Ժամանակ մը, ուր բոլոր արժէչափերը սկսած են անկումի ճամբան բռնել, կրնայ յատկանշուիլ միայն անորոշութեամբ եւ մեծ ու ահեղ տագնապներով։

 Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքին մէջ եղած ոճիրը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է ամբողջ երկրով մէկ։

 Նշենք, որ խճողումի մէջ յայտնուած քաղաքացի մը («մօթոսիքլէթ»ի վրայ), պահանջած է, իր «ճանապարհը փակող» ինքնաշարժէն, որ վերջինս քիչ մը յառաջանայ եւ իրեն ճանապարհ տայ։ Ինքնաշարժին մէջ եղող քաղաքացին ընդդիմանալէ անդին երթալով սկսած է իր դժգոհութիւնը յայտնել, որմէ ետք ալ «Մոթոսիքլէթ»ի տղան, մօտենալով դէպի ինքնաշարժը առանց այլեւայլի կրակ բացած է վարորդին վրայ եւ ու ապա «հանգիստ խիղճով» հեռացած։

 Այս առաջին դէպքը չէ, որ կը գրանցուի Լիբանանի մէջ եւ այն անշուշտ կը վերագրուի ապօրինի զէնքի գոյութեան, որ դարձած է համատարած երեւոյթ ողջ երկրի տարածքին։

 Յիշեցնենք նաեւ, որ Թրիփոլի քաղաքին մէջ , որ տնտեսապէս ամէնէն բարդ դրութեան մատնուած քաղաք կը համարուի համատարած երեւոյթ դարձած է ապօրինի զէնք ունենալու երեւոյթը, որուն դիմաց ալ իրաւապահ մարմինները դարձած են պարզապէս եղելութիւններուն հետեւող եւ ոչինչ ընող մարմիններ։