image
Հրատապ լուրեր:

Մինչեւ այս պահը Սուրէն Պապիկեան չէ մեկնած դէպքի վայր.News.am

Մինչեւ այս պահը Սուրէն Պապիկեան չէ մեկնած դէպքի վայր.News.am

19 Յունուարի, Ժամը 15։00-ի դրութեամբ Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը չէ գացած Գեղարքունիքի մարզի Ազատ գիւղի տարածքին տեղակայուած N զօրամաս, ուր այսօր տեղի ունեցած է 15 պարտադիր ժամկէտային զինծառայողի կեանք խլած ողբերգական հրդեհը։ Այս մասին NEWS.am-ի հարցին ի պատասխան՝ յայտնած են Պաշտպանութեան նախարարութենէն։

«Դէպքից յետոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան բազմաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ բարձրաստիճան սպաներ են գնացել դէպքի վայր եւ այժմ էլ այնտեղ են։ Պաշտպանութեան նախարարը դեռ դէպքի վայր չի գնացել»,- յայտնած են Պաշտպանութեան նախարարութենէն։