image

Միջուկային ջերմուժի ոլորտ. Ռուսիան պատրաստ է համագործակցութիւնը շարունակել Թուրքիոյ հետ

Միջուկային ջերմուժի ոլորտ. Ռուսիան պատրաստ է համագործակցութիւնը շարունակել Թուրքիոյ հետ

Ռուսիա հեռանկարներ կը տեսնէ փոքր միջուկային ջերմուժի ոլորտի Թուրքիոյ հետ համագործակցութեան մէջ։ Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսանդր Նովաք՝ ելոյթ ունենալով Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովին, տեղեկացուցած է ԹԱՍՍ։

«Պատրաստ ենք շարունակել համագործակցութիւնը փոքր հզօրութեան աթոմակայաններու ոլորտին մէջ»,- ըսած է ան։

Անոր խօսքով՝ ջերմուժը երկիրներու միջեւ փոխգործակցութեան կարեւոր ուղղութիւններէն է, Ռուսիա Թուրքիան կը մատակարարէ ջերմուժի միջոցներու կայուն հոսքով։

«Յաջող կը զարգանայ համագործակցութիւնը խաղաղ նպատակներով աթոմային ջերմուժի օգտագործման ոլորտին մէջ։ Կը շարունակուի մեր «Աքքույու» միջուկային ելեկտրակայանի նախագիծի իրականացումը։ Լայնածաւալ աշխատանքներ կ'ընթանան միջուկային ելեկտրակայանի չորս պլոքներուն մէջ»,- նշած է Նովաք։ Ան ընդգծած է, որ Ռուսիան պատրաստ է ընդլայնել համագործակցութիւնն աթոմային ոլորտին մէջ, անոր կարգին ջերմուժի վերականգնուող աղբիւրներու նախագիծի իրականացման մասով «Աքքոյու»ի միջուկային ելեկտրակայանի մէջ ջերմուժի լրացուցիչ ծաւալներ ստանալու համար։

Նովաք աւելցուցած է, որ Ռուսիա եւ Թուրքիա փոխգործակցութեան լաւ հեռանկարներ ունին միջուկային բժշկութեան, հազուադէպ մետաղներէ պատրաստուող իրերու, խառն նիւթերու եւ լիթիում-իոնային կուտակիչներու հիման վրայ ջերմուժի կուտակիչներու արտադրութեան, ինչպէս նաեւ ջրամաքրման եւ աղբի այրման արդիւնաբերական ոլորտին մէջ։ Կը քննարկուին համատեղ նախագիծեր մետաղագործութեան, ինքնաշարժներու շինութեան, թեթեւ եւ քիմիական արդիւնաբերութեան ոլորտներու մէջ։