image

Միջազգային սահմանները անփոփոխելի են. Իրանցի պաշտօնատար

Միջազգային սահմանները անփոփոխելի են. Իրանցի պաշտօնատար

Արտաքին գործերու նախարարը վերահաստատած է երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան աջակցելու Իրանի մշտական քաղաքականութիւնը՝ ընդգծելով, որ միջազգային սահմանները անփոփոխելի են։

 

Իրանի արտաքին գործերու նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահեանը յայտնած է երկրին պատրաստակամութիւնը՝ մասնակցելու Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող այն տարածքներու վերականգնման գործընթացին, որոնք Պաքուին անցած են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ վերջին պատերազմէն յետոյ:

Իրանցի բարձրաստիճան դիւանագէտը հանդիպած է Ատրպէյճանի փոխվարչապետ, տնտեսական համագործակցութեան համատեղ յանձնաժողովի նախագահ Շահին Մուսթաֆաեւի հետ, որ մէկօրեայ այցով մեկնած էր Թեհրան։

Երկու պաշտօնեաները քննարկած են կովկասեան տարածաշրջանի վերջին զարգացումները եւ Թեհրանի ու Պաքուի երկկողմ համագործակցութիւնը։

Գոհունակութիւն յայտնելով երկու ժողովուրդներու միջեւ առեւտրային յարաբերութիւններու եւ խոր կապերու աճի միտումէն՝ Աբտըլ Լահեան Ատրպէյճանի տարածքներու ազատագրումը երկու երկիրներու տնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջի սկիզբ անուանած է եւ ընդգծած, որ երկու կողմերը պէտք է օգտագործեն տնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ բոլոր կարողութիւնները առեւտուրի, փոխադրամիջոցներու, ուժանիւթի եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ։

Իրանցի բարձրաստիճան դիւանագէտը անդրադարձած է Իսլամական Հանրապետութեան հնարաւորութիւններուն եւ յայտարարած, որ իրանեան ընկերութիւնները պատրաստ են մասնակցելու նոր ազատագրուած տարածքներու վերականգնման:

Արտաքին գործերու նախարարը վերահաստատած է երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան աջակցելու Իրանի մշտական քաղաքականութիւնը՝ ընդգծելով, որ միջազգային սահմանները անփոփոխելի են։

Ատրպէյճանի փոխվարչապետը, իր հերթին, գոհունակութիւն յայտնած է Իրանի նավթի, ինչպէս նաեւ ճանապարհներու եւ քաղաքաշինութեան նախարարներու հետ իր կառուցողական հանդիպումներէն՝ ըսելով, որ երկու երկիրները մօտ են նավթի, կազի  ոլորտներում մէջ պատմական համաձայնագրերու ստորագրման։