image

Միջազգային քրէական դատարանէն Ռուսաստանին մեղադրա՞նք

Միջազգային քրէական դատարանէն Ռուսաստանին մեղադրա՞նք

Միջազգային քրէական դատարանը (ICC) կը ծրագրէ, այս ձմրան, Ռուսաստանի դէմ մեղադրանք առաջադրել Ուքրանիոյ մէջ ռազմական յանցագործութիւններու համար: Այս մասին կը հաղորդէ Bloomberg-ը՝ վկայակոչելով աղբիւրները։

Գործով վարոյթը կրնայ սկսիլ այս տարուան վերջը կամ 2023 թուականի սկիզբը, ստոյգ ամսաթիւը դեռ որոշուած չէ։ Կը նշուի, որ աղբիւրները հրաժարած են մեկնաբանել այն մանրամասները, որոնք կը քննարկուին այս գործին մէջ ներառելու համար։

Բացի այդ, Ուքրանիան բանակցութիւններ կը վարէ Միջազգային քրէական դատարանի հետ, գոնէ մէկ ռուս ռազմագերի դատարանին փոխանցելու վերաբերեալ, որպէսզի ցուցմունք տայ Ռուսաստանի Դաշնութեան դէմ։