image

Միաժամանակ՝ Թուրքիոյ եւ Իրանի մէջ երկրաշարժեր

Միաժամանակ՝ Թուրքիոյ եւ Իրանի մէջ երկրաշարժեր

Թուրքիոյ եւ Իրանի մէջ 17 յունիսին երկրաշարժեր տեղի ունեցած են: Այս մասին յայտնած է Եւրոպական-միջերկրածովեան երկրաշարժագիտական կեդրոնը:

Նշենք, որ Թուրքիոյ կեդրոնական հատուածը 4,9 ուժգնութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է:

Երկրաշարժի օճախը գտնուած է 5 քմ խորութեան վրայ: Ցնցումները արձանագրուած են Քահրամանմարաշէն 54 քմ հիւսիս-արեւելք:

Ժամեր անց, Եւրոպական-միջերկրածովեան երկրաշարժագիտական կեդրոնի տեղեկատւութեան համաձայն, Իրանի հիւսիս-արեւմուտքը 5,8 ուժգնութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է:

Երկրաշարժի օճախը գտնուած է 5 քմ խորութեան վրայ:

Ցնցումները արձանագրուած են Թաւրիզէն 99 քմ հիւսիս-արեւմուտք: