Իմամ Հիւսէյնի սիրոյն համար էր որ ինքնակամ ուզեց այդ բանը ընել, բան մը որ «ժեսթ»ի աքթէ աւելի է, բան մըն է որ հաւատքի հետ կապ ունի, հոգեւոր բաւարարութիւն պատճառող, այդ ալ Ղպէյրիի մէջ, որ քանի մը ամիս առաջ սանձարձակօրէն կը ռմբակոծուէր։
Մտածեցի, թէ ի՜նչ ծայրայեղութիւններու մէջ է մարդկութիւնը. այ՛ս տեսակը, եւ ա՛յն տեսակը՝ որ կը շահագործէ նման պահ, եւ կրկնապատիկ գինով կը վաճառէ քանի մը լիթր ջուր։ Կը մտածեմ, թէ չեմ հանդիպած Յովհաննէս Մկրտիչին սիրոյն պաղ ջուր բաժնողի մը, եւայլն։
Լիբանանահայ օգտատէր Սագօ Գասապեան կը գրէ՝
Օգոստոսեան շաբաթ օր, կէսօրուան մօտ, Ղպէյրի՝ Պէյրութի հարաւային արուարձանին բանուկ թաղերէն մէկուն մայթին կանգնած, միջերկրականեան տապին յանձնուած, կը սպասեմ Շուշիին, որ դիմացի դպրոցական համալիրի շէնքի մը մէջ է, յանձնելու ինչ որ քննութիւն, որ պիտի տեւէր քանի մը ժամ։ Կողքիս կանգնած է քննութիւն յանձնածներոււ յիսունէ աւելի ծնողներու բանակ մը, բոլորն ալ սպասողական վիճակով։ Կողքիս շատախօսութիւնը շատցաւ, եւ ինչպէս միշտ, երբ այդպէս ըլլայ շուրջս, քիչ մը կը հեռանամ։ Տաքը շոյելէն կ՚անցնի յարձակումի, շեշտակի կրակ նետելով ամէնուրեք։ Մէկ մեթր անդին օթոյին մէջէն երիտասարդ մարդը (սպասող հայր մը) դուրս եկաւ, կանգնեցաւ կողքս։ Կարծէք ինչ որ բան կը հաշուէր աջ ձախ նայելով. միտքէս կ՚ըսեմ լաւ որ շատախօս չէ։ Հանդարտ քայլերով հեռացաւ, անհետացաւ խճողուած թաղին հանգոյցներուն մէջ։
Մօտ 10 վայրկեան վերջ, վերադարձաւ ձեռքին 2 մեծ տոպրակ լեցուն՝ պաղ ջուրի շիշերով. ժպտաց, մեծ տոպրակներէն մէկը օթոյին մէջ դրաւ, մինչ ես կը մտածէի, թէ արդեօք այս մարդը քանի՞ հոգի ունի հետը վերադարձող, հեռու-երկար ճամբա՞յ ունի արդեօք...
Դարձաւ եւ տոպրակը բանալով գլուխը շարժեց եւ ըսաւ.- «Հրամմէ՛ պարոն»։ Ես հոն յիշեցի, որ եթէ օտար մէկը բան մը հրամցնէ, պէտք չէ առնել. ժպտագին շնորհակալութիւն յայտնեցի եւ մերժեցի։ Տոպրակը աւելի լայն բանալով, շեշտակի նայուածքով ըսաւ.- «Ասի Իմամ Հիւսէյնին սիրոյն է, չե՛ս կրնար մերժել»։ Չմերժեցի, պաղ ջուրի շիշ մը առի տոպրակէն եւ «շուքրան» ըսի։ Մարդը շարունակեց, իւրաքանչի՛ւր կանգնած սպասող ծնողի շիշ մը տուաւ, մէ՛կ առ մէկ, ճամբուն աջ կողմէն անցաւ ձախ, առաջին տոպրակը պարպեց, եկաւ օթոյին մէջ դրած երկրորդ տոպրակը առաւ, շարունակեց ետեւի կողմ կեցողներուն ալ տուաւ, օթոներուն մէջ նստողներուն ալ, մէկ շիշը ձեռքին վերադարձաւ նստաւ իր ղեկի ետին։
Ես անկեղծ ասաց, զարմացած էի։ Այս մարդը բոլորին անծանօթ էր։ Բոլորն ալ իրե՛ն անծանօթ էին։ Իմամ Հիւսէյնի սիրոյն համար էր որ ինքնակամ ուզեց այդ բանը ընել, բան մը որ «ժեսթ»ի աքթէ աւելի է, բան մըն է որ հաւատքի հետ կապ ունի, հոգեւոր բաւարարութիւն պատճառող, այդ ալ Ղպէյրիի մէջ, որ քանի մը ամիս առաջ սանձարձակօրէն կը ռմբակոծուէր։
Մտածեցի, թէ ի՜նչ ծայրայեղութիւններու մէջ է մարդկութիւնը. այ՛ս տեսակը, եւ ա՛յն տեսակը՝ որ կը շահագործէ նման պահ, եւ կրկնապատիկ գինով կը վաճառէ քանի մը լիթր ջուր։ Կը մտածեմ, թէ չեմ հանդիպած Յովհաննէս Մկրտիչին սիրոյն պաղ ջուր բաժնողի մը, եւայլն։ Վերջապէս կը մտածեմ որ ա՛յս է Լիբանանը, այստեղ ապրողը շատ լաւ գիտէ, որ նման ժողովուրդ աշխարհի մէջ չի կրնար գտնել։
Ահա Շուշիս դուրս ելաւ, Ցը։