Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփին արգիլուած է Մեն նահանգին մէջ առաջադրուիլ Հանրապետական կուսակցութեան նախնական ընտրութիւններուն (փրայմըրիզ)։ Նման որոշում կայացուցած է նահանգի պետական քարտուղար Շաննա Պելոուսը։ Այս մասին գրած է ekhokavkaza.com-ը:
Այսպիսով, Մենը դարձած է Քոլորատոյէն ետք Միացեալ Նահանգներու երկրորդ նահանգը, ուր Թրամփի անունը պաշտօնապէս արգիլուած է նախագահական ընտրութիւններու քուէաթերթիկներուն մէջ ներառելը։
Պելոուսը, ինչպէս Քոլորատոյի Գերագոյն դատարանը, Թրամփի դէմ իր որոշումը հիմնաւորած է Սահմանադրութեան 14-րդ ուղղումով, որ կ՚արգիլէ խռովարարներուն առաջադրուիլ պաշտօններու: Անոր խօսքով՝ 2020 թուականի ընտրութիւններուն պարտուելէ ետք Թրամփ իր կողմնակիցները դրդած էր 2021 թուականի յունուարին խռովութիւն կազմակերպելու եւ ներխուժելու Քոնկրեսի շէնք: