image
Հրատապ լուրեր:

Միացեալ Նահանգներու մէջ. Մարի Տարագճեանի կորուստը

Միացեալ Նահանգներու մէջ. Մարի Տարագճեանի   կորուստը

Բոլոր անոնք որ  կը ճանչնային Տիկին Մարին  շատ լաւ գիտէին, որ անոր հիմնական նպատակը  իր չորս զաւակներուն հայեցի դաստիարակութեամբ    օժտելն էր։ Նուիրական էր ընտանիքի գաղափարը Տիկին Մարիին համար ու այդ  շնորհքով ալ կարողացաւ  ոտքի հանել եւ  կանաչ  ճանապարհ  մաղթել  իր   զաւակներուն։

Օրերս Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է  շրջապատին կողմէ  յարգուած  անձնաւորութիւն Տիկին Մարի  Տարագճեանը։

Հանգուցեալը  ծնած էր   Պէյրութ 1944-ին  եւ    իր մանկութիւնն ու երիտասարդութիւնը անցուցած Պուրճ Համուտի հայաշունչ միջավայրին  մէջ։

  Ան կազմած էր ընտանիք  ամուսնանալով Յովհաննէս Տարագճեանին հետ  ու դարձած  մայր   զաւակներու Սիլվա, Թալին, Սարգիս եւ Ռաֆֆի։ Լիբանանի քաղաքացիական  պատերազմի  ողջ   ծանրութիւնը   ապրելէ ետք  պայմանները կը ստիպեն, որ Տիկին Մարին  հեռանայ իր սիրելի  ծննդավայրէն ու  հաստատուի ՝ Միացեալ Նահանգներ։ 

 Վերջին շրջանին ունեցած է որոշակի անհանգստութիւններ ունենալէ  ու ապա  բժիշկներու  կանխագուշակումով քաղցկեղ հիւանդութեամբ բռնուած է։ Հիւանդութեան դէմ  պայքար  մղելէ ետք   Տիկին Մարին  իր աչքերը  յաւերժին կը   փակէ սուգի ալիք մը տարածելէ զինք  սիրողներուն հոգիներուն մէջ։

 Բոլոր անոնք որ  կը ճանչնային Տիկին Մարին  շատ լաւ գիտէին, որ անոր հիմնական նպատակը  իր չորս զաւակներուն հայեցի դաստիարակութեամբ    օժտելն էր։ 

Նուիրական էր ընտանիքի գաղափարը Տիկին Մարիին համար ու այդ  շնորհքով ալ կարողացաւ  ոտքի հանել եւ  կանաչ  ճանապարհ  մաղթել  իր   զաւակներուն։

Այս տխուր առթիւ մեր խորազգաց   ցաւակցութիւնները կը յղենք  հանգուցեալի  բոլոր պարագաներուն եւ մասնաւորապէս   «Արեւելք»ի սիրելի  բարեկամ Տիար Սարգիս  Տարագճեանին։