image

Միացեալ Նահանգներ կը խորհի Հայաստանի մէջ աթոմական շարժիչներ տեղադրելու մասին

Միացեալ Նահանգներ կը խորհի Հայաստանի մէջ աթոմական շարժիչներ տեղադրելու մասին

Միացեալ Նահանգները կը դիտարկէ Հայաստանի եւ Եւրասիոյ այլ երկիրներու մէջ փոքր օրինակի միջուկային շարժիչներ կառուցելու հնարաւորութիւնը՝ ձգտելով ամրապնդել այդ երկիրներու ուժանիւթի անկախութիւնը Ռուսիայէն եւ Չինաստանէն։ 

Այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան Եւրոպայի, Եւրասիոյ եւ Կեդրոնական Ասիոյ աջակցութեան ծրագիրներու համակարգող Մարիա Լոնկի։

«Շարք մը երկիրներու մէջ, անոնց կարգին՝ Հայաստան, մենք կը գնահատենք ամերիկեան արհեստագիտութեան կիրառմամբ կառուցուած փոքր օրինակի միջուկային շրաժիչներու (խմբ.՝ տեղակայման) հնարաւորութիւնը, որոնք կրնան թոյլ տալ աւելի մեծ ուժանիւթի անկախութիւն ինչպէս Ռուսիայէն, այնպէս ալ Չինաստանէն», - ըսած է Լոնկին ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու ենթայանձնաժողովի լսումներուն:

Պաշտօնեան այլ մանրամասնութիւններ չէ յայտնած։