image

Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետի պաշտօնին կը յաւակնին Սունաք եւ Մորտոնթ

Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետի պաշտօնին կը յաւակնին Սունաք եւ Մորտոնթ

Մեծ Բրիտանիոյ ելեւմուտքի նախկին նախարար Ռիշի Սունաքը եւ միջազգային առեւտուրի գծով փոխնախարար Փենի Մորտոնթը Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի ընտրութիւններուն երկրորդ փուլ անցած են: Այս մասին գրած է  «Sky News»-ը։

Սունաքին կ'աջակցին առնուազն 50 կուսակիցներ, Մորտոնթը հաւաքած է առնուազն 30 հոգիի աջակցութիւն։ Երկրորդ փուլ անցնելու համար թեկնածուները պէտք է հաւաքեն առնուազն 30 ձայն:

13 Յուլիսին կայացած քուէարկութեան առաջին փուլ անցած թեկնածուներու շարքին էին ելեւմուտի նախկին նախարար Ռիշի Սունաքը, արտաքին գործոց նախարար Լիզ Թրասը, ելեւմուտի նախարար Նատիմ Զահաուին, նախկին արտաքին գործոց նախարար Ճերեմի Հանթը, միջազգային առեւտուրի գծով տեղակալ Փենի Մորտոնթը, Համայնքներու պալատի յանձնաժողովի նախագահ Թոմ Թուգենտհաթը, Անգլիոյ եւ Ուելսի գլխաւոր դատախազ Սուելլա Պրէյվերմանը եւ կանանց եւ հաւասարութեան հարցերով նախկին փոխքարտուղար Քեմի Պատենոքը։