image

Մեծն Բրիտանիայէն դրական խօսք Հայաստան-Ատրպէյճան քայլերու մասին

Մեծն  Բրիտանիայէն  դրական խօսք   Հայաստան-Ատրպէյճան  քայլերու  մասին

Մենք շատ բարձր կը գնահատենք բոլոր դրական քայլերը, որոնք վերջին ժամանակներս կը ձեռնարկուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ատրպէյճանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Ճէյմս Շարփը:

«Մենք, մասնաւորապէս, կը գնահատենք այդ քայլերը, որոնց կ'աջակցի Եւրոմիութիւնը, ինչպէս խաղաղութեան պայմանագրին ուղղուած քայլերը, այնպէս ալ սահմանագծման եւ հաղորդակցութիւններու բացման վերաբերող բոլոր հարցերու ուղիղ քննարկումները, եւ Պրիւքսէլ կատարած այցելութիւններու ընթացքին ձեռք բերուած արդիւնքները: Տեղի ունեցողը մենք կը համարենք դրական քայլ», նշած է բրիտանացի դիւանագէտը: