Մեծ Բրիտանիոյ Լորտերու պալատէն ներս բարձրացուած է հարց Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղէն գերեվարուած 23 հայերու նկատմամբ դաժան վերաբերմունքին մասին։
Հարցին հեղինակը եղած է Ուինչեսթըրի եպիսկոպոսը, հարցին պատասխանած է Աշխատաւորական կուսակցութեան անդամ, Տառլինկթընի պարոնուհի Ճենի Չեփման՝ ներկայացնելով Արտաքին գործոց, համագործակցութեան եւ զարգացման նախարարութեան պատասխանը։
Եպիսկոպոսը հարցուցած է, թէ ինչ յայտարարութիւններով Մեծ Բրիտանիոյ իշխանութիւնները դիմած են Ատրպէյճանի կառավարութեան, եւ ինչ քայլեր կը ձեռնարկուին միջազգային գործընկերներուն հետ համակարգմամբ՝ Ատրպէյճանի կողմէ իր միջազգային պարտաւորութիւններուն կատարման ապահովման նպատակով։
Ի պատասխան՝ պարոնուհի Չեփման նշած է, որ Մեծ Բրիտանիան Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ըրած է ապահովելու, որ 2023 թուականի սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններուն ժամանակ ձերբակալուած անձինք կանգնին արդար դատաքննութեան առջեւ եւ պահուին անվտանգ պայմաններու մէջ՝ համաձայն Ատրպէյճանի ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններուն։
«Մեր դեսպանատունը Պաքուի մէջ ուշադիր կը հետեւի այդ գործերուն եւ պարբերաբար թարմացումներ կը պահանջէ՝ տեղեակ ըլլալու ընթացիկ զարգացումներէն։ Մենք նաեւ շարունակաբար կոչ կ'ընենք ազատ արձակելու մնացած բոլոր ռազմագերիները։ Պետական նախարար Սթիվըն Տոութին այս հարցերը քննարկած է Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքովի հետ՝ 2024 թուականի հոկտեմբերին վերջինիս՝ Բրիտանիա կատարած այցի ժամանակ։ Իսկ 10 մարտ, 2025-ին Ատրպէյճանի նախագահի գլխաւոր խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւի հետ հանդիպման ժամանակ ան ընդգծած է խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման հնարաւորութեան կարեւորութիւնը։ Նոյն ուղերձները փոխանցուած են նաեւ Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետին եւ արտաքին գործոց նախարարին կողմէ»,- նշուած է պատասխանին մէջ։