Բարի ապաքինում կը մաղթենք մեր հայրենակիցին։
Բնիկ Հալէպցի եւ երկար ժամանակէ ի վեր Միացեալ Նահանգներ հաստատուած գրող եւ դաստիարակ՝ Գէորգ Պէտիկեան վիրաբուժական գործողութեան մը ենթարկուած է։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Միացեալ Նահանգներէն։
Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Պէտիքեան պիտի շարունակէ մնալ բժիշկներու խնամքին տակ, որոնք պիտի հետեւին իր առողջութեան բարելաւման ընթացքին։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ հայկական օրակարգը բաղկացնող նիւթերու մասին հանդէս եկող Պէտիքեան արձակի ժանրի հեղինակ է եւ ան նոյնպէս հանդէս կուգայ յօդուածներով, իր ուշադրութիւնը գրաւող ստորագրութիւնը երեւելի դարձնելով մասնաւորապէս Ամերիկայի «Ասպարէզ»ին, Պէյրութի «Ազդակ»ին, ինչպէս նաեւ վերջերս ՝Պոլսոյ «Ժամանակ»ին մէջ։
Բարի ապաքինում կը մաղթենք մեր հայրենակիցին։