image

Մեծ ահաբեկչութիւն Մոսկուայի Crocus City Hall համերգասրահին մէջ. Կան տասնեակ զոհեր

Մեծ ահաբեկչութիւն Մոսկուայի Crocus City Hall համերգասրահին մէջ. Կան տասնեակ զոհեր

Անյայտ անձինք կրակ բացած են Մոսկուայի մարզի Crocus City Hall համերգասրահին մէջ, ուր կ՚ընթանար «Փիքնիք» խումբի համերգը։ Շէնքին մէջ պայթում որոտացած է, հրդեհ բռնկած է։ Համերգասրահի շէնքի մեծ մասն այրած է, յայտնած են ռուսական լրատուամիջոցներ

Նախնական տուեալներով՝ կան զոհեր եւ վիրաւորներ։

Կրակոցներէն ետք Քրոքուսի քաղաքապետարանին մէջ պայթում որոտացած է, յայտնած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը։

Իրաւապահ մարմիններէն պաշտօնական տեղեկութիւն չկայ կատարուածի եւ հնարաւոր զոհերու մասին։ Ռուսական լրատուական գործակալութիւններու հաղորդմամբ՝ դէպքի վայր մեկնած են Մոսկուայի «Օմոնը», հրշէջներ։

Baza Telegram ալիքը, յղում ընելով իր աղբիւրներուն, գրած է, որ հրաձգութեան հետեւանքով 12 մարդ զոհուած է, 35-ը՝ վիրաւորուած։ Telegram 112 ալիքն ալ, յղում ընելով իր աղբիւրին, յայտնած է 40 զոհի եւ աւելի քան 100 վիրաւորի մասին։

«ՌԻԱ Նովոսթի»ն յայտնած է, որ երեք մարդ սկսած է կրակել ինքնաձիգներով եւ ներխուժած համերգասրահ, որմէ ետք, ըստ գործակալութեան թղթակցի, յարձակվողները նռնակ կամ հրկիզող ռումբ նետած են, որու հետեւանքով հրդեհ բռնկած է, որու տեսանիւթերը կը տարածուին ընկերային ցանցերու մէջ։

«Դահլիճին մէջ գտնուող մարդիկ կրակոցներէն խուսափելու համար պառկած են յատակին, 15-20 վայրկեան պառկած են, որմէ ետք սկսած դուրս սողալ։ Շատերը յաջողած են դուրս գալ»,- իր թղթակցի խօսքերը հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն։

Ըստ Baza Telegram ալիքի՝ հրդեհի պատճառով աւելի քան 100 մարդ արգելափակուած է Crocus City Hall-ի շէնքին մէջ։

Փիքնիք խումբի համերգային տնօրէն Եուրի Չերնիշեւսքին Meduza-ին ըսած է, որ խումբի բոլոր անդամները կրցած են դուրս բերել դահլիճէն, եւ հանդիսատեսները նոյնպէս տարհանուած են։

«Իզվեսթիան», վկայակոչելով Ռուսիոյ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը, գրած է, որ հրշէջները Crocus City Hall-ի նկուղէն դուրս բերած են 100 մարդ։

Crocus City Hall-ի մէջ հրդեհի տարածքը կրնայ կազմել մինչեւ 3000 քառակուսի մեթր, յայտնած է «Ինթըրֆաքս»ը։ Կը հաղորդուի, որ մասնակի փլուզած է շէնքի տանիքը։