image

Մեր փոքրիկները, վաղուան ծաղիկներն են (Տեսանիւթ)

  Մեր փոքրիկները, վաղուան ծաղիկներն են (Տեսանիւթ)

Նշենք, որ լիբանանեան յայտնի երգի ռիթմերուն ներքեւ այս պարը կատարող փոքրիկները Լիբանանի Այնճար աւանի Հայ Աւետարանական Վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկներն են ու անոնց նման հարիւր-հազարաւոր փոքրիկներ, իւրաքանչիւրը իր շունչով ու երակով աշխարհի ողջ տարածքին ու չորս ծագերով մէկ կը պարեն իրենց պարը յանուն պայծառ գալիքի։ 

Պատահական չէ բնաւ, սեւեռաբիբ աչքի հայացքներով դիտել մեր փոքրիկներու պարին այս կարճ տեսանիւթը, որ յաճախ արտասանուած մեծ ու փոքր ծաւալի խօսքերէն կամ նոյնիսկ սաւանածաւալ յօդուածներէն աւելի իր մէջ կը բովանդակէ բազմիմաստ պատգամներ։ 

 Մեր փոքրիկները կ՚ուզեն ապրիլ, կ՚ուզեն սիրել, կ՚ուզեն տակաւին ծաղիկներու նման բացուիլ կեանքին։

 Անոնք մեր ՝ հայութեան կեանքի ամենաթանկ քարերն են, վաղուան- գալիքի յոյսի ապաւէնը եւ եկող գարնան հետ նոր հաւատալիքներու մեծ շտեմարանը։

Մեր փոքրիկները, մեր   գալիքի  ծաղիկներն են։ 

Մեզմէ, մեր գոյէն, մեր արմատէն ու մեր շունչէն բաժին մը կայ անոնց թաթիկներուն վրայ, որ տեսէք, ինչպէս այս պարի, այնպէս ալ կեանքի ողջ ընթացքին զօդուած պիտի մնան իրարու։

 Մեր փոքրիկները աղօթել գիտեն, Աստծոյ  պայծառակերպ դէմքին ու անոր լոյսին նայիլ կը սիրեն, կը սիրեն ըղձալ, երազ յօրինել ու այդ երազին կրակ տալ գիտեն։

 Մնացածը ՝Տեսանիւթով 

 Նշենք, որ լիբանանեան յայտնի երգի ռիթմերուն ներքեւ այս պարը կատարող փոքրիկները Լիբանանի Այնճար աւանի Հայ Աւետարանական Վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկներն են ու անոնց նման հարիւր-հազարաւոր փոքրիկներ, իւրաքանչիւրը իր շունչով ու երակով աշխարհի ողջ տարածքին ու չորս ծագերով մէկ կը պարեն իրենց պարը յանուն պայծառ գալիքի։ 

Անոնք, մեր փոքրիկները արժանի են ուշադրութեան, արժանի են մեծ ճիգի եւ արժանի են, որ վաղուան հանդէպ իրենց ունեցած սէրն ու հաւատքը երեսի վրայ չձգուին։

 

Նիւթը՝ «Արեւելք»ի