Լաստանաւային հաղորդակցութիւնը պիտի գործարկուի օգոստոս ամսուն, յառաջիկայ օրերուն պիտի հրապարակուի չուացուցակը, իսկ Լարսի անցակէտին մէջ յուլիսին նախորդ ամսուան համեմատ հայկական բեռներու թողունակութիւնը աւելցած է մօտ 10 տոկոսով: Ինչ կը վերաբերի դրամի արժեւորման հետեւանքով տուժած որոշակի ոլորտներուն, ապա կը սպասուի աջակցութիւն: «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է ՀՀ տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանը:
Խօսելով նախ տարուայ առաջին կիսամեակի մաքրո-տնտեսական ցուցանիշներու, 6 ամսուան մէջ գրանցուած տնտեսական աշխոյժութեան ցուցանիշի 11,8 տոկոս աճի մասին՝ նախարարն ըսած է. «11,8 տոկոսը լաւագւյնն է վերջին 15 տարիների ընթացքում: Սակայն, բնականաբար, չի կարելի ասել, թէ ամէն ինչ առջեւում շատ պայծառ է, քանի որ թէ ամբողջ աշխարհը, թէ յատկապէս մեր տարածաշրջանը լեցուն է մարտահրաւէրներով: Եւ այդ առումով մենք պէտք է ոչ թէ թուլացնենք, այլ հակառակը՝ ուժեղացնենք մեր աշխատանքը, որ արձանագրուած արդիւնքներն ամրապնդենք նաեւ յաջորդ եռամսեակների եւ տարիների համար»:
Անդրադառնալով գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ տարուայ առաջին կիսամեակի արդիւնքով 5,5 տոկոս նուազման՝ նախարարը խօսած է տուեալներու հաւաքագրման, թուային տուեալներու բացակայութեան խնդրի մասին: «Այն, կարծում եմ, չի համապատասխանում իրականութեանը, մենք տեսնում ենք, որ գիւղարտադրանքի արտահանումը, թողարկումն իսկապէս աւելացել է, դա չէր կարող լինել, եթէ գիւղատնտեսութիւնը նուազած լինէր»,-ըսած է Քերոբեան:
Սակայն, նախարարի վստահեցմամբ, հիմա գիւղատնտեսութեան մասին օրէնք կը նախապատրաստուի, որու նպատակը ոլորտն աւելի լաւ կառավարելն է:
Անդրադառնալով դրամի արժեւորման եւ ատոր հետեւանքով որոշակի ոլորտներու տուժելուն՝ Քերոբեան նկատած է, որ այդ ազդեցութիւն կ'ունենայ ամենակարեւոր ոլորտներու վրայ՝ այդ շարքին ներդրողներու, արտահանողներու, IT ոլորտի, կառուցապատողներու: «Մենք հասկանում ենք, որ կայ «կարմիր գիծ», որից ներքեւ դրամի արժեւորումն արդէն ցաւոտ հարուած է հասցնելու մեր տնտեսութեանը: Եւ մեր պատկերացմամբ՝ այդ կարմիր գիծը 1 տոլարի համար 450 դրամն է: Տեսնում ենք նաեւ Ֆինանսների (Ելեւմուտքի) նախարարութեան մտահոգութիւնը եւ փորձում ենք գտնել այն լուծումները, որոնք բերելու են նրան, որ մեր վտանգուած ոլորտներին հարուածը մեղմուի, եւ նրանք կարողանան եկամտաբեր ձեւով ընթանալ առաջ»,-ըսած է նախարարը:
Քերոբեանի վստահեցմամբ՝ այդ ուղղութեամբ արդէն առաջին որոշումները կան, յաջորդ շաբթուայ ընթացքին եւս պիտի առնուին որոշումներ: Այդ որոշումներու, գործիքներու միջոցով պիտի փորձեն այնպէս ընել, որ ընկերութիւնները ստանան այն անհրաժեշտ «թթուածինը», որու շնորհիւ կը կարողանան արդիւնաւէտ կերպով զարգանալ այս նոր միջավայրին մէջ: