Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պատրաստ կ'ըլլայ քննարկելու խաղաղութիւնը միայն այն ժամանակ, երբ հասկնայ, որ չի կրնար կտրել Ուքրանիոյ պաշտպանութիւնը: Այս մասին ըսած է Գերմանիոյ կանցլեր Օլաֆ Շոլցը:
Միաժամանակ, ըստ Շոլցի, Գերմանիան պիտի չձեռնարկէ այնպիսի քայլերու, որոնք ՆԱԹՕ-ն կը դարձնեն հակամարտող կողմ այս պատերազմին, բայց պիտի շարունակէ Ուքրանիոյ զէնք տրամադրել:
Ան նաեւ յաւելած է, որ «ԱՆԹՕ-ն երբեք այսքան միասնական չէ եղած»:
«Մենք բոլորս ունինք մէկ ընդհանուր նպատակ` Ռուսիան պէտք չէ յաղթէ այս պատերազմին, Ուքրանիան պէտք է գոյատեւէ», ըսած է Շոլցը:
«Փութինը դեռ կը հաւատայ, որ կարելի է թելադրուած խաղաղութիւն, բայց ան կը սխալի: Թելադրուած խաղաղութիւն չ'ըլլար, քանի որ ո՛չ ուքրանացիները, ո՛չ մենք այդ չենք ընդունիր: Միայն այն ժամանակ, երբ Ռուսիոյ նախագահը հասկնայ, որ չի կրնար կտրել Ուքրանիոյ պաշտպանութիւնը, կրնայ խաղաղութիւն ըլլալ... Եւ այդ պատճառով մենք կ'աջակցինք Ուքրանիոյ», եզրափակած է Շոլց: