Հ.Բ.Ը. Միութիւնը իր շնորհաւորանքները կը յղէ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ իր համախոհներուն, այս շաբթուան ընթացքին նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով։ Կառավարութեան կազմութիւնը արդէն իսկ դրական նուաճում մըն է, նկատի ունենալով երկրի ներքին քաղաքական մթնոլորտին բարդութիւնները եւ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական լուրջ մարտահրաւէրները։
Համաշխարհային մեր ազգը, Հայաստանի բարեկամներուն հետ միասին, կ՛ողջունեն մեր հայրենիքի աստիճանաբար բնականոն կեանքի վերադարձը, ընտրութիւններու գործընթացին միջոցով շարունակելու աւերիչ պատերազմէն եւ քաղաքական ցնցումներէն ետք մեր վերականգնումը, ինչպէս նաեւ պատերազմի հարիւրաւոր գերիներու ապահով տուն դարձը հետապնդող շարունակուող պայքարը։
Նոյնիսկ այն պարագային, երբ Հայաստանի ժողովուրդը իր քուէարկութեամբ կայունութեան եւ խաղաղութեան կողմ արտայայտուեցաւ, Հայաստանի նոր կառավարութիւնը կը շարունակէ դիմագրաւել իր ազգային ապահովութիւնը խաթարող յետպատերազմեան ահռելի սպառնալիքներ, որոնք արդիւնք են Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն:
Մենք լիայոյս ենք որ զգայուն այս պայմանները, քաղաքացիներու ձայներու մեծամասնութիւնը ստացած Վարչապետը եւ իր կառավարութիւնը պիտի մղեն դիմելու յանդուգն քայլերու, երկրի զարգացման ճանապարհին տեղական թէ համաշխարհային լաւագոյն, բանիմաց եւ փորձառու մասնագէտներ ընդգրկելու ուղղութեամբ, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ երկիրը յառաջ մղելու գործին։ Անկասկած, Հայաստանի եւ Արցախի ինքնիշխանութիւնը եւ ապահովութիւնը մեծապէս կախուած են յառաջիկայ ամիսներու եւ տարիներու ընթացքին առնուելիք անմիջական որոշումներէն եւ ապագային միտող յանձնառութիւններէն։
Քաջալերելով անմիջական եւ պարփակող մասնակցութիւնը եւ զօրաշարժի ենթարկելով մեր աշխարհատարած համայնքը, ներառեալ քաղաքացիական հասարակութիւնը, հասարակական կազմակերպութիւնները եւ եկեղեցական հաստատութիւնները, դրական փոփոխութիւններուն անհրաժեշտ շարժիչ ոյժը վերստին պիտի զօրանայ եւ ամրապնդուի:
Այդ նպատակով մենք կ՛ակնկալենք որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ հաղորդակցութեան, համագործակցութեան եւ համակարգումի առաւել յստակ եւ անմիջական միջոցներ որդեգրուին, դիւրացնելու համար հայրենիքէն դուրս ապրող հայերու կառավարութեան կազմին մէջ բարձր պաշտօններու կոչուիլը, որ անշուշտ ենթակայ է խորհրդարանի հաստատման։ Կարեւոր է նաեւ պետական պաշտօններ ստանձնելու պարագային, նկատի ունենալ Հայաստանի մէջ մէկ տարուայ մնայուն բնակութեան հաստատման պարտադիր պահանջը:
Իրականութիւնը, որուն դէմ յանդիման կը գտնուինք բոլորս, այն է թէ՝ Հայաստան կանգնած է ժողովրդագրական մօտալուտ աղէտի մը առջեւ։ 44-օրեայ պատերազմը եւ տեղաշարժերու ճնշումներու աճը, որոնք նոր նուազ կէտ մը արձանագրեցին Հայաստանի ժողովրդագրութեան մէջ, կրնան հիմք ստեղծել Հայաստանի կենսունակութիւնը ապահովող առաւել համապարփակ մօտեցումներու որդեգրուին:
Մանաւանդ հիմա, ժողովրդավարական ամենաբարձր չափանիշները եւ անձնական ազատութեանց պաշտպանութիւնը կրնան արդար դատական համակարգի ապահովումին, թափանցիկ եւ պատասխանատու տնտեսական քաղաքականութեան յառաջացումին, ինչպէս նաեւ անձնական սեփականութեան իրաւունքի պաշտպանութեան հիմք ըլլալ։ Միեւնոյն ատեն, Հայաստանի այժմու տնտեսական համակարգէն բխող ազգային անվտանգութեան սպառնալիքները սահմանափակող աւելի լաւ կարգաւորող շրջանակը կրնայ նաեւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն չունեցող անձերու կողմէ հողի սեփականութեան իրաւունքի գծով խստապահանջ սահմանափակումներ ընդգրկել:
Մենք յուսով ենք որ Հայաստան կը շարունակէ ծառայել որպէս իր քաղաքակրթութեան եւ ընկերութեան պահապան եւ կը շարունակէ մշակել եւ պաշտպանել մեր ինքնութեան հիմնասիւները, ներառեալ մշակոյթը, լեզուն, կրթութիւնը եւ եկեղեցին:
Հ.Բ.Ը. Միութիւնը պատրաստ է ամբողջական նուիրումով նպաստելու այդ նպատակներու իրականացումին։ Մենք պիտի շարունակենք մեր առաքելութիւնը՝ յանուն առաւել ապահով եւ ծաղկուն ապագայի։ Մենք կը շարունակենք Հ.Բ.Ը.Մ.-ի աշխարհատարած անդամները եւ միջոցները զօրաշարժի ենթարկելու մեր յանձնառութիւնը, ամրապնդելու համար հայ ազգի իւրաքանչիւր անդամի ներուժը՝ պետութենէն եւ արդիւնաբերութենէն սկսեալ մինչեւ հասարակութիւն, համայնք, ընտանիք եւ երիտասարդութիւն։
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ.Բ.Ը.Մ.) աշխարհի մեծագոյն ոչ- շահամէտ հայկական կազմակերպութիւնն է, նուիրուած հայեցի ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանումին եւ մշակումին՝ կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներով: Միութեան գործունէութիւնները բարերար ազդեցութիւն կը բերեն տարեկան 500,000-է աւելի անձերու կեանքերէն ներս, Հայաստանի ու Արցախի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին: Իր հիմնադրութենէն ի վեր, Հ.Բ.Ը.Մ.ը հաւատարիմ մնացած է համայն հայութեան բարօրութեան ապահովումին ուղղուած իր գլխաւոր առաքելութեան:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելեցէք www.agbu.org կայքէջը: