image

«Մենք պիտի շարունակենք այս պատերազմը մինչեւ վերջ». Նաթանիահու

«Մենք պիտի շարունակենք այս պատերազմը մինչեւ վերջ». Նաթանիահու

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն այցելած է Կազայի հատուած եւ ըսած, որ գործողութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժման նկատմամբ լիակատար յաղթանակը։

Այս մասին հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն:

«Մենք այստեղ ենք ՝ Կազայի մէջ, մեր հերոս մարտիկներու հետ։ Մենք ամէն ջանք կը գործադրենք, որ վերադարձնենք մեր առեւանգուած քաղաքացիները, եւ, ի վերջոյ, վերադարձնենք անոնք բոլորը:.. Մենք պիտի շարունակենք մինչեւ վերջ ՝ մինչեւ յաղթանակ։ Մենք համոզուած ենք, որ ունինք կամքի ուժ եւ վճռականութիւն», - յայտարարած է Նաթանիահուն Կազա կատարած այցի ժամանակ:

Ինչպէս նշած է Իսրայէլի վարչապետը, երկիրն ունի երեք նպատակ՝ «վերացնել ՀԱՄԱՍ-ը, վերադարձնել բոլոր առեւանգվածները եւ ապահովել, որ Կազան կրկին սպառնալիք չդառնայ»։