image

Մենք կը սգանք անոնց համար, որոնք սպանուեցան Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ․ Սամանթա Փաուըր

Մենք կը սգանք անոնց համար, որոնք սպանուեցան Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ․ Սամանթա Փաուըր

ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) ղեկավար Սամանթա Փաուեր ապրիլ 24-ին վերահաստատած է Հայոց ցեղասպանութիւնը երբեք չմոռնալու յանձնառութիւնը։

Ան X-ի իր էջին գրառում ըրած է եւ հրապարակած նախորդ տարի Հայաստան կատարած այցին Ծիծեռնակաբերդ այցելութենէն լուսանկար։

«Այսօր մենք կը սգանք անոնց համար, որոնք սպանուեցան Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ, եւ կը պարտաւորուինք պատմել անոնց պատմութիւնները, որ անոնք երբեք չկորին պատմութեան մէջ։ Զիս կ՚ոգեշնչէ  հայ ժողովուրդի տոկունութիւնն ու այն ամէնը, որ անոնք կառուցած են, սակայն մենք երբեք չենք կրնար մոռնալ։ Պատիւ ունիմ, որ նախորդ տարի իմ յարգանքի տուրքը մատուցեցի», - գրած է Փաուըր։