Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպան նախազգուշացուցած է, որ անոնք կրնան ըլլալ «յաջորդը», եթէ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը չկործանէ ՀԱՄԱՍ-ը: Ան այդ մասին ըսած է FOX News-ի հետ հարցազրոյցի ժամանակ։
«Մենք պէտք է յաղթենք ոչ միայն յանուն մեզի, այլեւ յանուն Մերձաւոր Արեւելքի, յանուն մեր արաբ հարեւաններու: Գիտէ՞ք ինչ, յանուն Կազայի բնակիչներու, որոնք ենթարկուած են այս մութ բռնակալութեան, որ անոնց արիւնահեղութենէն, աղքատութենէն ու թշուառութենէն բացի ոչինչ բերած է»,- ըսած է Նաթանիահուն։
«Մենք պէտք է յաղթենք, որ պաշտպանենք Իսրայէլը: Մենք պէտք է յաղթենք, որ պաշտպանենք Մերձաւոր Արեւելքը: Մենք պէտք է յաղթենք յանուն քաղաքակիրթ աշխարհի: Այդ այն ճակատամարտն է, որ մենք կը մղենք հիմա: Այդ յաղթանակին այլընտրանք չկայ: Եթէ մենք հիմա չյաղթենք, ապա յաջորդը Եւրոպան է, իսկ յաջորդը` դուք: Ուստի, մենք պէտք է յաղթենք: Մեր պայքարը ձեր պայքարն է», -աւելցուցած է ան:
Անոր խօսքով՝ «քաղաքակրթութեան ուժերուն պէտք է թոյլ տալ յաղթել բարբարոսներուն, քանի որ հակառակ պարագային այս բարբարոսութիւնը կը տարածուի եւ կը վտանգէ ամբողջ աշխարհը»: Ըստ անոր՝ «իւրաքանչիւր ամերիկացի, իւրաքանչիւր քաղաքակիրթ երկիր վտանգի տակ պիտի ըլլայ»: