"Մեռնեմ Քեզ համար" ըսինք, բայց քեզի համար չապրեցանք։
"Հրաշք է իր բնութեամբ" ըսինք, բայց հրաշքդ վայելելու ջերմ փափաքը չունեցանք։
Ազատութիւնդ գովերգեցինք, բայց այդ ազատութեան արժէքը պահելը առաջնահերթ չէր մեզի համար։
"Հրաշալի լեռնաշխարհ է" ըսինք, բայց միայն հեռուէն դիտեցինք գեղեցկութիւնդ։ Շրջապտոյտի ցանկին մէջ պարզապէս քեզ նկատի առինք որպէս հանգստավայր։ Հայաստանի երկուորեակն ես" ըսինք, բայց այժմ խորթ հայրեր կը ցանկան քեզ որդեգրել...իսկ մենք եղբայրասիրութեան ուխտը սկսանք մոռնալ։
Այգին փշաբեր կը դառնայ, երբ խնամող, հոգացող եւ մշակող չկայ։ Մենք ալ նոյնպէս Արցախը շէնցնելու եւ ծաղկեցնելու բաւարար ճիգ չթափեցինք...։
Ո՜վ Արցախ, հողդ նշխար է, կը պղծուի։ Հողդ մեր նախնիներէն կտակուած ժառանգութիւն է, կը հարստահարուի։
"Ցաւդ տանեմ" ըսինք, բայց ցաւդ փարատելու բծախնդրութիւն չունեցանք։ Ընդհակառակը, ցաւիդ նկատմամբ մնացինք անտարբեր։
Տխուր է տեսարանը Արցախին։
Արիւնոտ պատկեր, ցնցիչ իրականութիւն եւ համահայկական ողբերգութիւն։
Թշնամիին ախորժակը գրգռեցինք մեր եսին կուռքը կանգնեցնելով։ "Մենք"ը մնաց որբ, անտէր, օտար, խեղճ եւ քայքայումի ենթակայ։
Խօսքերը եւ ճառերը անզօր են վշտակիր Արցախի հայութիւնը եւ ողջ հայ ազգը մխիթարել։
Հակառակ տիրող ցաւալի իրավիճակին, պէտք է մնանք հաստատ հաւատքով եւ անխախտ յոյսով։
Ազգեր կան, որոնք մոռացութեան գերեզմանին մէջ թաղուեցան։ Իսկ մենք տակաւին կ`ապրինք։ Սակայն մենք նախ իրարու հետ ապրիլ պէտք է սորվինք։ "Մեռնեմ Քեզ Համար" ըսելը աժան քարոզչութիւն է։ Ապրինք "Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց"։
Արցախը խուլ խիղճերուն, կոյր միտքերուն եւ քար սիրտերուն զոհն է։
Արցախի անմեղ հայորդիներուն արեան կանչը լսելի կ`ըլլայ, երբ վճռենք յոյսով զինուիլ, կամքով պայքարիլ, եւ իրարու Համար ապրիլ։ Ահա ա'յն ատեն Երկնաւոր Տէրը պիտի օրհնէ մեր հաւաքական զօրութիւնը, որպէսզի կարենանք մեր պատիւը փրկել պղծասէր թշնամիին մութ ձեռքերէն։
Տէր Աստուած , դուն պահապան եւ հովանի եղիր տառապեալ եւ բազմաչարչար Արցախի հայութեան։
Խորէն. Քհնյ. Պէրթիզլեան