image

Մեկնարկը տրուած է Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Առաջնորդարանի «Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանին

Մեկնարկը տրուած է Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Առաջնորդարանի «Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանին

Օրերս, Էլվըրսըն-Փենսիլվէնիոյ մէջ մեկնարկած է Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի հովանաւորած ու կազմակերպած «Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանը, որ պիտի տեւէ ամբողջ շաբաթ մը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «hairenikweekly»-էն, որ մասնաւորապէս գրած է՝

Կիրակի, Յունիս 30-ին, Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի հովանաւորած ու կազմակերպած «Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանին ազդանշանը պիտի տրուի St. Mary of Providence (Էլվըրսըն, Փենսիլվէնիա) կեդրոնին մէջ։  պիտի տեւէ ամբողջ շաբաթ մը։ Այս տարի, 13-18 տարեկան 42 աշակերտներ կը մասնակցին, իսկ անձնակազմը կը բաղկանայ 14 եկեղեցական եւ աշխարհական անդամներէ։ Դասատուներն են՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան (տեսուչ), Արժպ. Տ. Սարգիս Ա. Քհն. Ագթաւուգեան, Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեան, Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան, Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան, երէցկին Մակի Գույումճեան եւ տիկ. Նայիրի Պալճեան-Պէլ։ Խորհրդականներ են՝ Բարշ. Յարութիւն Ա. Սրկ. Թագւորեան, երէցկին Մակի Գույումճեան, Յակոբ Քէչէճեան, Նշան Գույումճեան, Թալին Լագիսեան, Թամար Լագիսեան եւ Աննա Թէքէեան։

Լսարանը չորս տարուան վրայ տարածուած կրօնական եզակի յայտագիր մը կը ներկայացնէ, որ կ՚ընդգրկէ Ս. Գրքի քրիստոնէական հաւատքի ուսմունք, առօրեայ պաշտամունքի եւ աղօթքի արարողութիւններ, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն, եւ ընկերային ու մարզական յայտագիրներ։ Դասընթացքը կը պարունակէ 75 դասապահեր (15 դասապահ իւրաքանչիւր մակարդակի համար)։

Նշենք, թէ «Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանի նոր տեսուչ նշանակուած է Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեանը։ Անցնող հինգ տարիներուն, Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան ամենայն լրջութեամբ վարեց լսարանի տեսչութիւնը։