image

Մեկնարկած է «Ոսկէ ծիրան» 19-րդ միջազգային փառատօնը

Մեկնարկած է «Ոսկէ ծիրան» 19-րդ միջազգային փառատօնը

10 Յուլիսին, մեկնարկած է «Ոսկէ ծիրան» 19-րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնը։ Մէկ շաբթուան ընթացքին միջազգային շարժանկարի տօնը հանրութեան պիտի ներկայացնէ մրցութային ժապաւէններ աշխարհի տարբեր երկիրներէ, ինչպէս նաեւ ֆիլմեր ամենահեղինակաւոր շարժանկարի փառատօններէն։

Պիտի ցուցադրուի շուրջ 100 ժապաւէն ամենատարբեր ծրագրերու ընթացքին։ «Երեւանեան փրեմիերաներ (անդրանիկ ցուցադրութիւն)» ծրագրի շրջածիրէն ներս հայ հանդիսատեսին պիտի ներկայացուին ֆիլմեր Քաննի, Պերլինի եւ այլ միջազգային փառատօններէ:

Փառատօնը պիտի ունենայ երեք մրցութային ծրագիր։ Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային 19-րդ փառատօնի խաղարկային ֆիլմերու դատակազմը պիտի նախագահէ իրլանտացի օսքարակիր սենարիստ, բեմադրիչ Թերի Ճորճը։

 Ժապաւէններու ամբողջական ծրագիրը կրնաք տեսնել հետեւեալ յղումով: