image

Մարութեանի հրաժարումէն ասդին 16 աշխատակից հեռացուած են պաշտօններէն

Մարութեանի  հրաժարումէն ասդին 16 աշխատակից հեռացուած են պաշտօններէն

Երեւանի նախկին քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի պաշտօնականութենէն յետոյ աշխատանքէն ազատուել է քաղաքապետարանի 16 աշխատակից: 

Աշխատանքէ ազատուած է 5 վարչութեան պետ` շինարարութեան եւ բարեկարգման վարչութեան պետ Գրիգոր Յարութիւնեանը, փոխադրութեան վարչութեան պետ Էտկար Գալստեանը, մարդկային կապերու կառավարման վարչութեան կադրային գործի վարման բաժնի պետ Լուսինէ Զաքարեանը, գնումներու վարչութեան պետ Էտկար Կիրակոսեանը եւ հանրակրթութեան բաժնի պետ Կարեն Սարգսեանը:

Յաջորդաբար աշխատանքէ ազատման դիմումներ ներկայացուցած են նախկին քաղաքապետի տեղակալներ Սերկէյ Ներսէսեանը, Սերկէյ Յարութիւնեանը եւ Գայիանէ Մելքոմ-Մելքոմեանը:

Աշխատանքէ ազատուած են օգնականներ Վերճինիա Սահակեանը եւ Կարէն Յարութիւնեան, խորհրդականներ` Արթուր Սարգսեանը, Դաւիթ Ճգնաւորեանը եւ Հայկ Պօղոսեանը:

Հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանի ղեկավար Դաւիթ Թումանեանը:

Հայկ Մարութեանի պաշտօնականութեան օրը` Դեկտեմբեր 22-ին, աշխատանքէ ազատման դիմում ներկայացուցած է անոր մամուլի քարտուղար Յակոբ Կարապետեանը: Յունուար 31-ին աշխատանքէ ազատման դիմում ներկայացուցած է լրատուութեան վարչութեան նախկին պետ Յովսէփ Կուպաթեանը: