image
Հրատապ լուրեր:

«Թուֆէնկեան Հիմնարկ»ի հովանաւորութեամբ. Ափօ Սահակեանի մենահամերգը՝ Մարտունիի մէջ

 «Թուֆէնկեան Հիմնարկ»ի հովանաւորութեամբ. Ափօ  Սահակեանի  մենահամերգը՝ Մարտունիի մէջ

Մայիս 7-ին Մարտունիի Արթուր Աղասեանի անուան մշակոյթի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ երգիչ, երգահան Ափօ Սահակեանի համերգը: 

Համերգը կազմակերպուած է Թուֆէնկեան բարեգործական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ՝ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակին հետ համագործակցութեամբ:

Համերգին բացման խօսքով հանդէս եկան Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեանը եւ «Թուֆէնկեան» բարեգործական հիմնադրամի հանրային կապերու համակարգող Ռուբէն Ճամպազեանը:

Մեզ հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին Հ. Աւագեանը նշեց. ««Ե′կ աշխարհը պիրինք Արցախ» նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուած է, որպէսզի աշխարհի տարբեր ծագերու մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ապրող շնորհալի հայ մարդիկ (տաղանդաւոր երիտասարդներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտի ակնառու դէմքեր) ժամանակ առ ժամանակ տարբեր ծրագրերու շրջանակներուն մէջ բերեն Արցախ, հանդիպումներ, միջոցառումներ կազմակերպեն եւ ցոց տան աշխարհին, որ թէկուզ այսօր Արցախը մէկ բուռ մնացած է, բայց կայ արցախցին, որ կ'ապրի ու կ'արարէ այստեղ: Այս նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի դառնալ իւրայատուկ կամուրջ Արցախի ու Հայաստանի, Արցախի ու աշխարհի, Արցախի ու սփիւռքի եւ հայ մարդու միջեւ առհասարակ: Այդ ծրագիրը մեկնարկած է Ափօ Սահակեանի համերգով եւ այն շարունակական բնոյթ պիտի կրէ»: 

 

Ափօ Սահակեանը երգիչ, երգահան է: Ան պարբերաբար տարբեր համերգներով հանդես կու գայ Հայաստանի ու Արցախի մէջ: 

«Անոր կերպարը այնքան համեստ է, որ դուն չես մտածեր անոր յայտնի ըլլալուն մասին, կը մտածես անոր հայ ըլլալում մասին: Եւ շատ ոգեւորիչ է, որ անոր համերգը մեկնարկեց մեր մարտական, ուժեղ կամքով Մարտունիէնց, որ միշտ հաւատարիմ է իր տեսակին: Թշնամիէն մի քանի քայլ այս կողմ մեկնարկելով այս համերգը, նպատակ ունինք նաեւ ըսելու, որ այն ապրելու ղօղանջ է, որ Մարտունիի, Արցախի մէջ կ'ապրի, կը շարունակէ պայքարել եւ իր հողին կառչած մնալ հայը», ներկայացուց Հ. Աւագեանը յաւելելով՝ թէեւ Ափօ Սահակեանը համեստօրէն կը լռէ, բայց անա պատերազմի օրերուն կամաւոր եկած եւ 35 օր եղած է Արցախի մէջ, իր հմտութիւններով փորձած է օգտակար ըլլալ:

Մարտունիի շրջանի վարչակազմի աշխատակազմի ՄԵ հարցերու բաժնի վարիչ Անի Խաչատրեանը իր տպաւորութիւններով կիսուեցաւ Ափօ Սահակեանի հետ եւ մասնաւորապէս նշեց. «Ինչպէս անձրեւէն յետոյ հողը կը պարարտանայ, այնպէս ալ քու համերգէդ յետոյ մեր հոգիները պարարտացան»:

Ա. Սահակեանի համար շատ ոգեւորիչ էր նաեւ այն, որ համերգին մեծ մասնակցութիւն ունեցած են դպրոցականները, ինչ որ կը վկայէ այն մասին, որ մեր սերունդը հետաքրքրուած է հայկական մշակոյթով եւ իր արմատներով: 

Համերգային ծրագրերուն իրենց աջակցուիունը ցուցաբերած են նաեւ «Կինի Ստեփանակերտ» սրճարանը, Փօլ Էլյուարի տուն ֆրանքոֆոնի կեդրոնը, «GG» թաքսի ծառայութիւնը: