image

Մարտունիի եւ Շուշիի մէջ հրադադարի խախտում եղած է

Մարտունիի եւ Շուշիի մէջ հրադադարի խախտում եղած է

Մարտունիի եւ Շուշիի շրջաններուն մէջ հրադադարի ռեժիմի խախտման երեք դէպք գրանցուած է. զոհեր եւ վիրաւորներ չկան։ Այս մասին ըսուած է 3 մարտի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութեան վերաբերեալ Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան տեղեկատուական տեղեկագրութեան մէջ։

Փաստերու համաձայն՝ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերուն հետ հետաքննութիւն կ'իրականացնէ։

Ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը կը շարունակէ ատպէյճանական եւ հայկական կողմերու հետ Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհի անարգել երթեւեկութիւնը վերականգնելու շուրջ բանակցային գործընթացը։

Երեսուն դիտակէտերում ռուս խաղաղապահները շուրջօրեայ կը վերահսկեն իրավիճակը եւ կը վերահսկեն հրադադարի ռեժիմի պահպանումը։

Մարտակերտի, Մարտունիի, Շուշիի շրջաններու եւ Լաչինի միջանցքի մէջ պարեկութիւն իրականացուած է չորս երթուղիներով։ Շարասիւնը մարդասիրական բեռներով ուղեկցուած է Գորիս-Ստեփանակերտ երթուղիով։

Ասկերանի շրջանի անապահով եւ բազմազաւակ ընտանիքներուն պարենային փաթեթներ բաժանելու նպատակով մարդասիրական արշաւ իրականացուած է։

Ռուս խաղաղապահներու անվտանգութիւնն ապահովելու եւ հնարաւոր միջադէպերը կանխելու համար շարունակական փոխգործակցութիւն կը պահպանուի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբներուն հետ։