image

Մարսէյլի մէջ. Արման Եկաւեանի մահը

 Մարսէյլի մէջ. Արման Եկաւեանի մահը

Օրերս Մարսէյլի մէջ իր մահկանացուն կնքած է համայնքային շրջանակներուն մէջ սիրուած եւ յարգուած անձնաւորութիւն հանդիսացող՝ Արման Եկաւեանը 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ՝ համացանցէն։

Այս առթիւ սրտատրոփ գրառում մը կատարած է հանգուցեալի հարազատներէն, փարիզահայ մտաւորական Տիգրան Եկաւեան եւ այն կը ներկայացնենք ստորեւ՝

 

 «Ցաւօք կորսնցուցինք մեր սիրելի զարմիկը՝ Արման Եկաւեանը։ Ան ծնած էր 1942 թուականին Մարսէյլի մէջ։ Հայրը՝ Կարապետը՝ Արաբկիրցի էր , եւ անոնք Ֆրանսա հաստատուած էին 1928-ին։

 Նորահաս երիտասարդ ան կը կազմէր ընտանիք ու կ՚ամուսնանար Պիաթրիսին հետ, որ  ափսոսալիօրէն շուտ կը հեռանար մեր աշխարհէն։ 

Արման եղած է հաւատարիմ Հայ Դատին ու նաեւ աշխոյժ մասնակցութիւն բերած էր Մարսէյլի դպրոցի շինարարութեան աշխատանքներուն մէջ։ Աչքի ինկած էր արհեստով, ժամագործութեամբ եւ ոսկերչութեամբ։ 

2004 թուականին Ֆրանսայի կառավարութիւնը պատուած էր զինք, տարուայ «Լաւագոյն աշխատող» անուանակարգին մէջ, որմէ ետք ալ ան մասնակից դարձած էր Համազգայինի միջնակարգ վարժարանի կառուցման աշխատանքներուն։ 

 Արմանը անցած էր կեանքի դժուարին ճանապարհ մը ու այդ բոլորը դիմագրաւած էր քաջութեամբ ու արժանապատուութեամբ։

Աստուած հոգին լուսաւորէ»։