image

Մարդկային իրաւանց պատպան՝ Արման Թաթոյեանի այցը՝ Առաջնորդարան

  Մարդկային իրաւանց պատպան՝ Արման Թաթոյեանի այցը՝  Առաջնորդարան

ԱՄՆ Արեւմտեան  Թեմի  Առաջնորդարանի    էջէն կը կարդանք՝

 

 

Չորեքշաբթի, 17 Նոյեմբեր 2021-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի մէջ Մարդկային Իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի, ընկերակցութեամբ շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներու: Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Ազգային վարչութեան ատենադպիր՝ Տիար Ճորճ Չորպաճեան: 

Ծաւալեցաւ մտերմիկ զրոյց, որուն ընթացքին Արման Թաթոյեան մանրամասն զեկուցեց Հայաստանի սահմանային շրջաններու եւ Ատրպէյճանի կողմէ գերեվարուած հայ զինուորներու ներկայ իրավիճակի եւ զոհերու ընտանիքներու հետ իր հաստատած շփումներուն մասին: Ան իր խօսքին մէջ նաեւ անդրադարձաւ 44-օրեայ պատերազմին պատճառով Հայաստանի բնակիչներու դիմագրաւած մարդկային, ընկերային եւ հոգեբանական հարցերուն՝ շեշտելով, որ Սփիւռքը մեծ դեր ունի հայրենեաց զաւակներու դժուարութիւնները մեղմելու եւ յատկապէս հոգեբանական ու բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերելու առումով: 

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր կարգին բարձր գնահատեց Արման Թաթոյեանի մարդկային, քրիստոնէական եւ ազգային ծառայութիւնը եւ յիշեցուց անոր, որ Հայ Եկեղեցին միշտ եղած է գերագոյն պաշտպանը մարդկային իրաւունքներու, իր ուղղութիւնը առնելով Յիսուս Քրիստոսէն, որ բոլոր ժամանակներու համար եղած է ու կը մնայ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան ամենամեծ ղեկավարը: 

Հանդիպման աւարտին երկուստեք յոյս յայտնուեցաւ, որ համայն հայ ազգը՝ Հայաստան եւ Սփիւռք, ամէնէն կարճ ժամանակի մէջ կը յաղթահարեն պատերազմական կորուստներու եւ պարտութեան պատճառած այն ահաւոր ցաւն ու հոգեբանական կնճիռը, որ իւրաքանչիւր հայ մարդու հոգիին է՛ն խորերը բոյն դրած է՝ արգելք հանդիսանալով հայ ժողովուրդի զաւակներու ամբողջական վերականգնման եւ առողջ ու բնականոն կեանք վերադառնալու ճիգին: